Սրբօ­րէն Պա­հենք Մեր Մայ­րե­նին

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրա­նոյշ Յակոբեան Համաշխարհային մայ­րենի լեզուի օրուան առթիւ հրա­պա­­րակեց յօդուած մը, զոր ստորեւ կը հրատարակենք արեւմտահայերէնի վե­­­րածելով։

Մեր հայ­րե­րէն մե­զի ա­ւան­դուած ժա­ռան­գու­թիւն­նե­րէն ա­մե­նէն շքե­ղը, ա­մենէն ի­րա­կա­նը մեր գե­ղե­ցիկ, հա­րուստ եւ մե­ծա­վա­յե­լուչ լե­զուն է, պէտք է պահ­պա­նենք յու­զու­մով, հրայր­քով եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ: Ես վստահ եմ, որ կը պաշտ­պա­նենք:

ԶԱ­ՊԷԼ Ե­ՍԱ­ՅԵԱՆ

Կան հա­մազ­գա­յին ար­ժէք­ներ, ո­րոնց կա­րե­լի է անդ­րա­դառ­նալ միայն մե­ծա­գոյն ակ­նա­ծան­քով, մաք­րա­մա­քուր զգա­ցո­ղու­թիւն­նե­րով, ա­նափ սի­րով ու նուի­րու­մով: Նման ար­ժէք­նե­րու շար­քին կ՚ա­ռանձ­նա­նայ մայ­րե­նի լե­զուն: Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ թե­րեւս ու­նի մայ­րե­նիի վե­րա­բե­րեալ իր ըմբռ­նում­ներն ու պատ­կե­րա­ցում­նե­րը, մայ­րե­նիի հան­դէպ իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու գի­տակ­ցու­մը:

Ի հար­կէ, լե­զուն նախ եւ ա­ռաջ մարդ­կա­յին հա­ղոր­դակց­ման մի­ջոցն է, բայց մայ­րե­նիի պա­րա­գա­յին լե­զուի էու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի բազ­մա­բո­վան­դակ է, իսկ գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը՝ ա­ւե­լի բազ­մա­զան: Վաղն­ջա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէ ի վեր հա­յոց լե­զուն ե­ղած է հա­յու տե­սա­կի կերտ­ման, հայ ժո­ղո­վուր­դի մտա­ծո­ղու­թեան ու հո­գե­բա­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման ա­մե­նա­զօ­րեղ մի­ջո­ցը, հա­մա-խըմ­բած է հա­յա­խօս ան­հատ­նե­րը եւ ձե­ւա­ւո­րած ի­րենց հայ գի­տակ­ցող մարդ­կանց հան­րոյթ, ո­ր, տա­րան­ջա­տուե­լով հնդեւ­րո­պա­կան լե­զուըն­տա­նի­քէն, սկսած է իր յա­ւեր­ժա­կան ու փա­ռա­ւոր ըն­թաց­քը դա­րե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ: Ան­ցած են ժա­մա­նակ­ներ, եւ հա­յոց լե­զուն ձեռք բե­րած է հայ ժո­ղո­վուր­դը միա­ւո­րող, ազ­գա­յին դի­մա­գիծն ու միաս­նու­թիւ­նը պահ­պա­նող գոր­ծա­ռոյթ: Միաս­նա­կան, ու­ժեղ պե­տա­կա­նու­թեա­ն յա­ջոր­դած են մաս­նա­տուա­ծու­թեան ժա­մա­նակ­ներ, հա­յոց հո­ղի վրայ (նաեւ Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս՝ Կի­լի­կիոյ մէջ) ձե­ւա­ւո­րուած են ան­կախ ու կի­սան­կախ պե­տա­կան ա­ռան­ձին միա­ւո­րում­ներ, թա­գա­ւո­րու­թիւն­ներ ու իշ­խա­նու­թիւն­ներ, մե­լի­քու­թիւն­ներ, ե­ղած են օ­տար­նե­րու լու­ծի տակ մա­քա­ռու­մի դա­րեր, եւ հայ ինք­նու­թիւ­նը  պահ­պա­նուած է, ու հա­յու­թեան տա­րան­ջատ հա­տուած­նե­րը շաղ­կա­պուած են նախ եւ ա­ռաջ շնոր­հիւ հա­յա­հունչ խօս­քի: Եւ որ­քան ալ բազ­մա­զան ե­ղած են հա­յոց լե­զուի դրսե­ւո­րում­նե­րը, միեւ­նոյն է, ա­նոնք ե­ղած են հա­յե­րէն, իսկ զա­նոնք կրող­նե­րը՝ հա­յեր: Իր պատ­մու­թեան բո­լոր ժա­մա­նա­կա­հա­տուած­նե­րուն մէջ հա­յոց լե­զուն հա­յա­կերտ­ման ու ազ­գի հա­մախմբ­ման հետ միա­սին, ու­նե­ցած է եւ ու­նի հա­յա­պահ­պան ա­ռա­քե­լու­թիւն: Յայտ­նի ի­րո­ղու­թիւն է՝ մայ­րե­նիի կո­րուս­տը նախ կը խարխ­լէ ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան հիմ­քե­րը, ա­պա եւ կը յան­գեց­նէ ու­ծաց­ման: Մե­ծա­գոյն ցա­ւով պէտք է յի­շենք մայ­րե­նիի կո­րուս­տի պատ­ճա­ռով հա­յու­թեան հոծ զան­գուած­նե­րը՝ հայ ինք­նու­թե­նէ հե­ռա­նա­լու փաս­տե­րը: Յայտ­նի է, որ նախ­քան Ե­ղեռ­նը, ո­ր ե­ղեռ­նա­հար ը­րաւ նաեւ լե­զուն, հա­յու­թեան թր­­քահ­պա­տակ շատ հա­տուած­ներ ար­դէն կորսն­ցու­ցած էին մայ­րե­նի լե­զուն եւ դար­ձած թր­­քա­խօս: Ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ մէջ հա­յե­րու թր­­քա­խօս կամ քրդա­խօս սե­րունդ­նե­րը, որ­պէս կա­նոն, կա՛մ լիո­վին մո­ռցած են ի­րենց ծա­գու­մը, կա՛մ ալ օ­տար ինք­նու­թիւն կրող­ներ են՝ ար­մատ­նե­րու ա­ղօտ յի­շո­ղու­թեամբ հան­դերձ: Ցա­ւօք, լե­զուի կո­րուս­տը քայլ առ քայլ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կո­րուս­տի յան­գե­ցու­ցած է եւ կը յան­գեց­նէ նաեւ աշ­խար­հի այլ վայ­րե­րու մէջ. յի­շենք թէ­կուզ ռու­մա­նա­հա­յոց, լե­հա­հա­յոց օ­րի­նակ­նե­րը:  Մայ­րե­նին ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ամ­րոցն է, այն պաշտ­պա­նող զրահ եւ վա­հան, ո­րոնց բա­ցա­կա­յու­թեամբ՝ ծա­գու­մով հայ ըլ­լա­լու մա­սին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը այլ բան չեն վկա­յեր, քան ար­մատ­նե­րէ հե­ռա­ցում ու ինք­նու­թեան կո­րուստ:

Հա­յոց լե­զուն հայ­կա­կան իւ­րա­յա­տուկ մշա­կոյ­թի ստեղծ­ման փա­ռա­հեղ մի­ջոց է: Հայ մտքի ու աշ­խար­հըն­կալ­ման, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աս­տուա­ծա­տուր ձիր­քի փայ­լա­տա­կում­նե­րը ո­գի ա­ռած են հա­յոց քաղց­րա­հունչ բար­բա­ռով, ա­պա մար­մին ա­ռած մես­րո­պեան սուրբ գի­րե­րով, դար­ձած ձե­ռա­գիր մա­տեան ու տպա­գիր գիրք, գի­տե­լիք ու ա­րուեստ, հա­մա­մարդ­կա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան հիմ­նա­մաս ու սիւն: Բա­նա­ւոր ու գրա­ւոր մշա­կոյ­թի բո­լոր կո­թող­նե­րուն մէջ հա­յե­րէ­նը կա­տա­րեալ է: Մեր մայ­րե­նին պարզ ու ան­մի­ջա­կան է Գող­թան եր­գե­րու ու է­պո­սի մէջ, շքեղ ու կա­նո­նա­ւոր՝ Խո­րե­նա­ցիի ու Նա­րե­կա­ցիի ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րուն մէջ, ճկուն ու բազ­մա­շերտ՝ Շի­րա­կա­ցիի ու Հե­րա­ցիի գոր­ծե­րուն մէջ, յու­զա­կան ու սի­րա­ռատ՝ Քու­չա­կի ու Սա­յաթ Նո­վա­յի քեր­թուած­նե­րուն մէջ, հզօր ու առ­նա­կան՝ Վա­րու­ժա­նի ու Չա­րեն­ցի եր­կե­րուն մէջ… Եւ օ­տարն է Աստ­ու­ծոյ հետ խօ­սե­լու միակ լե­զուն հա­մա­րած հա­յե­րէ­նը… Իր բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով հա­յոց լե­զուն մշա­կու­թա­յին մե­ծա­գոյն ար­ժէք է, հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին սե­րունդ­նե­րու լե­զուա­կան ա­րա­րու­մի ար­դիւնք ու գան­ձա­րան, հա­յոց լի­նե­լիու­թեան միջ­նա­բերդ:

Ի վեր­ջոյ, հա­յոց լե­զուն հա­յու էու­թեան ա­մե­նա­վառ բնա­կան ե­րանգն է, որ իր դրսե­ւո­րում­նե­րով հա­րա­զա­տու­թեան ու մտեր­մու­թեան թրթիռ­ներ կը պար­գե­ւէ հո­գիին: Բո­լո­րիս յայտ­նի է, թէ ինչ ո­գե­ւո­րու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ օ­տար մի­ջա­վայ­րի մէջ յան­կարծ լսուած հա­յե­րէն խօս­քը, եւ ինչ հրճուանք ու ցնծու­թիւն կ՚ապ­րի օ­տար ա­փե­րէն հայ­րե­նիք ե­կած հա­յը՝ ա­մէ­նուր ա­կան­ջա­լուր ըլ­լա­լով մայ­րե­նի խօս­քին: Ե­րե­ւի նաեւ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը նկա­տի ու­նե­ցած են մեր մե­ծե­րը՝ հա­յե­րէ­նը հա­յու տուն ու հայ­րե­նիք ա­նուա­նե­լով:

Եւ ինչ­պէս տունն ու հայ­րե­նի­քը, այն­պէս ալ մայ­րե­նին մշտա­կան հո­գա­ծու­թեան, նո­րոգ­ման ու պաշտ­պա­նու­թեան կա­րիք ու­նին: Ա­մէն մէկ ժա­մա­նա­կաշր­ջան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը իր խնդիր­նե­րը կ՚ա­ռա­ջադ­րէ: Ըլ­լա­լով հա­սա­րա­կա­կան ե­րե­ւոյթ՝ լե­զուն եւս իր գոր­ծա­ռու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցած է եւ ու­նի տա­րաբ­նոյթ խնդիր­ներ, ո­րոնք ե­ղած են եւ կը մնան ինչ­պէս մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, այն­պէս ալ հա­սա­րա­կու­թեան լայն շրջա­նակ­նե­րու մտա­հո­գու­թեան ու քննարկ­ման ա­ռար­կան:

Մայ­րե­նի լե­զուն ազ­գա­յին-պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն ար­ժէք է, ո­ր կա­րիք ու­նի թէ՛ պե­տա­կան, թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան, ընդ­հան­րա­պէս՝ հա­մազ­գա­յին մշտա­կան հո­գա­ծու­թեան: Ինչ­պէս տար­բեր են լե­զուի դրսե­ւո­րում­նե­րը (գրա­կան լե­զու բար­բառ­ներ, խօ­սակ­ցա­կան լե­զու), այն­պէս ալ տար­բեր են այդ դրսե­ւո­րում­նե­րու խնդիր­նե­րը: Մեր պե­տա­կան լե­զուն իր եր­կու ճիւ­ղե­րով՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն կա­րիք ու­նի լուրջ հո­գա­ծու­թեան: Անհ­րա­ժեշտ է խօ­սակ­ցա­կան հա­յե­րէ­նը զերծ պա­հել աղ­ճա­տում­նե­րէ, ա­ւե­լորդ օ­տա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րէ ու ժար­կո­նէ: Գրա­կան տար­բե­րա­կի խնդիր­նե­րը ա­ւե­լի բազ­մա­զան են՝ կա­նո­նար­կում, խօ­սակ­ցա­կան ու բար­բա­ռա­յին ան­հար­կի տար­րե­րու, ժար­կո­նի, օ­տա­րա­բա­նու­թիւն­նե­րու բա­ցա­ռում, նոր բա­ռե­րու, եզ­րե­րու ստեղ­ծում, ո­ճա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայ­նում եւ այլն: Բար­բառ­նե­րու պա­րա­գա­յին ներ­կա­յիս կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր է ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ ճիշդ պատ­կե­րա­ցում­նե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը, ե­ղած նշխար­նե­րու հա­ւա­քումն ու ար­ձա­նագ­րու­մը, կեն­դա­նի բար­բառ­նե­րու պահ­պա­նումն ու հե­տա­զօ­տու­մը:  Ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան ու զար­գաց­ման հար­ցե­րը: Ճիշդ է, մայ­րե­նիի խնդիր­նե­րու գի­տա­կան քննու­թեամբ ու վեր­լու­ծու­թեամբ կը զբա­ղու­ին լե­զուա­բան­նե­րը, սա­կայն կան ի­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց դի­տար­կու­մը մաս­նա­գի­տա­կան յա­տուկ պատ­րաս­տուա­ծու­թիւն ու հմտու­թիւն­ներ չի պա­հան­ջեր: Մեր պատ­կե­րաց­մամբ՝ հա­յոց լե­զուի առ­ջեւ ներ­կա­յիս ծա­ռա­ցած ա­ռա­ւել էա­կան խնդիր­նե­րէն են գրա­կան լեզուի ա­նա­ղար­տու­թեան պահ­պա­նու­մը, մայ­րե­նի լե­զուի ու­սուց­ման մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը, լե­զուի կա­նո­նար­կումն ու զար­գա­ցու­մը, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­մը, տա­րա­ծու­մը եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի հետ մեր­ձեց­ման խնդիր­նե­րը:

Գրա­կան լե­զուի ա­նա­ղար­տու­թեան պահ­պան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը յատ­կա­պէս կ՚ընդգծ­ուի, երբ կ՚ա­հագ­նա­նան լե­զուի ա­ղա­ւաղ­ման մի­տում­նե­րը: Ներ­կա­յիս լե­զուի ա­ղա­ւա­ղու­մը կ՚ար­տա­յայտ­ուի լե­զուա­կան սխալ­նե­րու (թէ՛ ար­տա­սա­նա­կան, թէ՛ բա­ռա­գոր­ծա­ծա­կան, թէ՛ քե­րա­կա­նա­կան) տա­րած­մամբ, գրա­կան լեզ­ուի մէջ խօ­սակ­ցա­կան, բար­բա­ռա­յին ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու, օ­տար բա­ռե­րու ու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու ան­հար­կի օգ­տա­գործ­մամբ, եր­բեմն նոյ­նիսկ գռեհ­կա­բա­նու­թիւն­նե­րու, ժար­կո­նա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեամբ:

Թե­րեւս մեր օ­րե­րուն ա­ղա­ւա­ղում­նե­րու պատ­ճառ է հա­սա­րա­կու­թեան մէջ լե­զուի վե­րա­բե­րեալ պատ­կե­րա­ցում­նե­րու խե­ղու­մը, օ­րէ օր տա­րա­ծուող այն թիւր ըմբռ­նու­մը, թէ խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն կ՚ա­պա­հո­վէ ա­ւե­լի ան­մի­ջա­կան հա­ղոր­դակ­ցում, եւ էա­կան չէ, թէ խօս­քը ինչ ո­րակ ու­նի, ո­րով­հե­տեւ կա­րե­ւո­րը մտքի հա­ղոր­դումն է եւ հաս­կ­­նա­լի ըլ­լա­լը: Ե­թէ նման ըմբռ­նու­մը կրնայ ըն­դու­նե­լի ըլ­լալ ա­ռօ­րեայ, կեն­ցա­ղա­յին հա­ղոր­դակց­ման դէպ­քին, ա­պա բո­լո­րո­վին մեր­ժե­լի է գրա­կան լե­զուի գոր­ծա­ռու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ: Մեր կար­ծի­քով հրա­պա­րա­կա­յին խօս­քը (գրա­ւոր թէ բա­նա­ւոր) պէտք է ըլ­լայ հա­մա­կար­գուած, կա­նո­նա­ւոր ու գե­ղե­ցիկ, հան­րու­թեան հա­մար ըն­կա­լե­լի եւ հա­ճե­լի: Կա­նո­նա­ւոր, բարձր եւ ա­նա­ղարտ գրա­կան լե­զուն ճիգ ու ջանք կը պա­հան­ջէ, իսկ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը յա­ճախ ա­նոր վրայ ու­շադ­րու­թիւն չի դարձ­ներ:

Ի­րա­վի­ճա­կը շտկե­լու հա­մար նախ եւ ա­ռաջ անհ­րա­ժեշտ է ձե­ւա­ւո­րել լե­զուի վե­րա­բե­րեալ ճիշդ պատ­կե­րա­ցում­նե­րու հա­մա­կարգ, եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ ը­նե­լիք­ներ ու­նին ինչ­պէս գի­տակր­թա­կան հա­մա­կար­գը, այն­պէս ալ հե­ռուս­տա­տե­սու­թիւնն ու զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան միւս մի­ջոց­նե­րը, թատ­րո­նը, շար­ժան­կա­րը եւ ի հար­կէ պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի տար­բեր օ­ղակ­ներ: Գրա­կան լե­զուն կա­րիք ու­նի պե­տա­կան հո­գա­ծու­թեան, ուղ­ղոր­դուած պե­տա­կան ծրագ­րի եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ո­րու հա­մա­կար­գո­ղը եւ վե­րահս­կո­ղը կրնայ ըլ­լալ պե­տա­կան հա­մա­պա­տաս­խան մար­մի­նը՝ ու­նե­նա­լով օ­րէնսդ­րա­կան հիմ­քեր եւ անհ­րա­ժեշտ լիա­զօ­րու­թիւն­ներ:

Մայ­րե­նի լե­զուի ու­սուց­ման մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը կրթա­կան հա­մա­կար­գի մըշ-տա­կան խնդիրն է եւ շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծըն­թաց է: Ներ­կա­յիս այս խնդի­րը ա­ռա­ւել հրա­տապ է, ո­րով­հե­տեւ նկա­տե­լի է գրա­կան լե­զուի նոր­մե­րու գրե­թէ հա­մա­տա­րած շե­ղում­ներ, ո­ր անխ­տիր կը դրսե­ւոր­ուի պաշ­տօ­նա­կան խօս­քի եւ գրու­թիւն­նե­րու մէջ, նոյ­նիսկ գի­տակր­թա­կան  եւ  գե­ղա­ր-ւես­տա­կան խօս­քին մէջ, ալ չեմ շեշ­տեր փո­ղո­ցի լե­զուն:

Գու­ցէ անհ­րա­ժեշտ է կրթա­կան հա­մա­կար­գին մէջ մայ­րե­նիի ու­սուց­ման ծրագ­րե­րու եւ մե­թոտ­նե­րու վե­րա­նա­յում, ժա­մա­նա­կա­կից ար­հես­տա­գի­տու­թեան կի­րա­ռում: Մայ­րե­նիի ու­սու­ցու­մը չի կրնար սահ­մա­նա­փա­կուիլ քե­րա­կա­նա­կան կա­նոն­նե­րը իւ­րաց­նե­լու պա­հան­ջով, նաեւ քննու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խան­նե­րը գտնե­լու ու­նա­կու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­մամբ: Մայ­րե­նիի ու­սուց­ման հիմ­նա­կան նպա­տա­կը չի կրնար ըլ­լալ ա­շա­կերտ­նե­րուն ո­րե­ւէ կար­գի (յատ­կա­պէս՝ ըն­դու­նե­լու­թեան) քննու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տու­մը: Միա­ժա­մա­նակ, մայ­րե­նիի ու­սու­ցու­մը չի կրնար սահ­մա­նա­փա­կուիլ միայն գրա­կան ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­մամբ:

Այս հար­ցին մէջ ո­րա­կա­կան փո­փո­խու­թեան հաս­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է մշա­կել դա­սա­ւանդ­ման այն­պի­սի ծրագ­րեր եւ մե­թոտ­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ ա­շա­կերտ­նե­րը լե­զուա­կան գի­տե­լիք­նե­րու հետ միա­սին ձեռք կը բե­րեն անս­խալ եւ գե­ղե­ցիկ գրա­կան խօսք կա­ռու­ցե­լու ու­նա­կու­թիւն­ներ, ի­րենց միտ­քե­րը ճիշդ ար­տա­յայ­տե­լու եւ ըստ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան լե­զուն ճկուն գոր­ծադ­րե­լու կա­րո­ղու­թիւն­ներ: Պա­տա­հա­կան չէ, որ ոչ վաղ ան­ցեա­լին դպրոց­նե­րու մէջ կը դա­սա­ւանդ­ուէր ճար­տա­սա­նու­թիւնն ու վա­յել­չագ­րու­թիւ­նը, ո­րոնք հա­յե­րէ­նի նկատ­մամբ ա­ռանձ­նա­կի սէր ձե­ւա­ւո­րե­լու մի­տուած էին: Պա­կաս կա­րե­ւոր չեն նաեւ կրթա­կան հա­մա­կար­գին մէջ գործած-ւող ու­սում­նա­կան նիւ­թե­րու, դա­սա­գիր­քե­րու լե­զուա­կան ա­ռու­մով ան­թե­րի ըլ­լա­լը: Կը կար­ծենք՝ ո­րե­ւէ դա­սա­գիրք հրա­տա­-րա­կուե­լէ ա­ռաջ պէտք է են­թար­կուի լեզուա­կան լրջա­գոյն փոր­ձաքն­նու­թեան՝ մա­նա­ւանդ, որ երկ­րին մէջ կայ տա­ղան­դա­ւոր լե­զուա­բան­նե­րու կա­րե­ւոր բա­նակ:

Լե­զուի կա­նո­նար­կու­մը եւ զար­գա­ցու­մը  մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին, ո­րով­հե­տեւ միայն նոր­մա­ւո­րուած, միաս­նա­կան եւ շա­րու­նակ հարս­տա­ցող լե­զուն լիար­ժէք է եւ յա­ջո­ղու­թեամբ կը բա­ւա­րա­րէ ան­հա­տի, պե­տու­թեան, հա­սա­րա­կու­թեան եւ ազ­գի յա­րա­ճուն լե­զուա­կան պա­հանջ­ք­­նե­րը, հան­դէս կու գայ իբ­րեւ մշա­կու­թա­յին նոր ար­ժէք­նե­րու ստեղծ­ման եւ կու­տակ­ման, պե­տա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան կազ­մա­կերպ­ման մի­ջոց: Այս գոր­ծըն­թա­ցը նոյն­պէս մշտա­կան է ու շա­րու­նա­կա­կան, քա­նի որ լե­զուի բնա­կա­նոն զար­գաց­ման եւ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տե­ղա­շար­ժե­րու հե­տե­ւան­քով միշտ յա­ռաջ կու գան լե­զուա­կան նոր ի­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք կա­րիքն ու­նին գնա­հատ­ման, ար­ժե­ւոր­ման եւ հա­մա­կարգ­ման: Ըստ լե­զուա­բան­նե­րու՝ ներ­կա­յիս ի­րենց լուծ­ման կը սպա­սեն ուղ­ղագ­րա­կան եւ ուղ­ղա­խօ­սա­կան, բա­ռա­գոր­ծած­ման եւ եզ­րոյ­թա­բա­նա­կան, նաեւ քե­րա­կա­նա­կան բնոյ­թի բազ­մա­թիւ հար­ցեր: Ա­նոնց կար­գա­ւո­րու­մը, հաս­կնա­լի է, չի կրնար ըլ­լալ միայն մաս­նա­գէտ­նե­րու կամ մաս­նա­գէտ­նե­րու խում­բե­րու մե­նաշ­նոր­հը, այդ գոր­ծըն­թա­ցը չի կրնար տե­ղի ու­նե­նալ նաեւ ինք­նա­բե­րա­բար:

Բազ­մա­կար­ծու­թիւ­նը, ան­շուշտ, կը նպաս­տէ յա­ռա­ջըն­թա­ցին, ե­թէ տե­ղի կ՚ու­նե­նան քննար­կում­ներ, կը բե­րուին փաս­տարկ­ներ եւ կը կա­յա­նան հան­րու­թեան հա­մար ըն­դու­նե­լի ո­րո­շում­ներ: Եւ չնա­յած լե­զուի զար­գաց­մա­ն եւ նոր­մա­ւոր­մա­ն ի­րենց նպաս­տը կրնան բե­րել ու­սում­նա­կան ա­ռան­ձին կեդ­րոն­ներ, ստեղ­ծա­գործ ան­հատ­ներ (ինչ­պէս ե­ղած է մեր պե­տա­կա­նու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րուն), բայց պե­տա­կա­նու­թեան առ­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ է ձե­ւա­ւո­րել գրա­կան հա­յե­րէ­նի եր­կու տար­բե­րակ­նե­րու կա­նո­նարկ­ման գոր­ծըն­թա­ցը կազ­մա­կեր­պող ու հա­մա­կար­գող, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր­ձեց­մա­ն, հա­յե­րէ­նի զար­գաց­մա­ն եւ հարս­տաց­մա­ն ն­պաս­տող հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գի­տա­կան մար­մին՝ Հա­յե­րէ­նի բարձ­րա­գոյն խոր­հուրդ:

Ներ­կա­յիս ոչ միայն մայ­րե­նիի, այլ նաեւ հա­յա­պահ­պա­նա­կան, լե­զուա­գի­տա­կան ու մշա­կու­թա­բա­նա­կան ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րէն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­թեան, ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ու­սուց­ման եւ զար­գաց­ման հար­ցը: Ա­րեւմը-տա­հա­յե­րէ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի լե­զուամ­շա­կոյ­թի ան­բա­ժա­նե­լի մասն է, բա­ցա­ռիկ  կա­րե­ւո­րու­թեան ազ­գա­յին ար­ժէք, ե­ղեռ­նուած ժո­ղո­վուր­դի բե­կոր­նե­րու շնոր­հիւ մե­ծա­գոյն ա­ղէ­տէ փրկուած գանձ, ո­ր թէեւ զրկուած է գոր­ծա­ռու­թեան բնա­կա­նոն պայ­ման­նե­րէ, սա­կայն հա­ղոր­դակց­ման մի­ջոց ըլ­լա­լէ բա­ցի ձեռք բե­րած է նաեւ հա­մազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող այլ գոր­ծա­ռոյթ­ներ: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ո՛չ միայն ազ­գա­պահ­պան դեր ու­նի սփիւռ­քի մէջ, այլ նաեւ կ՚ա­պա­հո­վէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան լե­զուա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, կը կա­տա­րէ լե­զուա­կան դես­պա­նի իւ­րա­յա­տուկ դեր՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­լով աշ­խար­հի մէջ ճա­նա­չե­լի դարձ­նել մեր մշա­կոյ­թը, ազ­գա­յին ինք­նա­տի­պու­թիւ­նը: Այս ա­ռու­մով՝ խնդի­րը ո՛չ միայն հա­մազ­գա­յին, այլ նաեւ պե­տա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հիմ­նա­կան խնդի­րը ե­ղած է եւ կը մնայ հայ­րե­նի­քէ դուրս եւ ոչ միաս­նա­կան գո­յու­թիւնն ու գոր­ծա­ռու­թիւ­նը: Այս խնդրի լուծ­ման ե­ղա­նակ­նե­րը ներ­կա­յիս դժուար է կան­խո­րո­շել: Սա­կայն խնդրէն բխող մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մա­կա­յե­լու ու­ղի­ներ եւ ե­ղա­նակ­ներ պէտք է ո­րո­նել եւ գտնել: Նախ եւ ա­ռաջ հար­կա­ւոր է հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ամ­րապն­դել այն բա­նի գի­տակ­ցու­մը, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը հա­մազ­գա­յին ար­ժէք է, ո­ր պէտք է իր տե­ղը ու­նե­նայ հա­յաս­տա­նեան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ եւս, այս­տեղ պէտք է ար­մատ­ներ ձգէ, ամ­րապն­դուի եւ հայ­րե­նի­քէն իր կեն­դա­նա­րար ա­ւիւ­նը մղէ սփիւռք: Հայ­րե­նի­քի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ամ­րապնդ­մա­ն կր­նան նպաս­տել հա­յե­րէ­նի այդ տար­բե­րա­կով ռա­տիօ­հե­ռուս­տա­տե­սա­յին հա­ղոր­դում­նե­րու, պար­բե­րա­կան­նե­րու, ժա­­պա­ւէն­նե­րու ստեղ­ծու­մը, ո­րոշ բարձ­րա­գոյն ուս­ման ու դպրո­ցա­կան ծրագ­րե­րու մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մա­կար­գուած ու­սուց­ման ընդգր­կու­մը, նաեւ հնա­րա­ւոր այլ մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը: Ի վեր­ջոյ, հա­յե­րէ­նի դրսե­ւոր­ման բո­լոր տար­բե­րակ­նե­րը՝ ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կան լե­զու­նե­րը, խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն եւ բար­բառ­նե­րը միաս­նա­կան հա­մա­կար­գի անտ­րո­հե­լի բա­ղադ­րիչ­ներն են, եւ այդ դրսե­ւո­րում­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րի խնդիր­նե­րը ընդ­հա­նուր հա­յե­րէ­նի, այ­սինքն՝ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան լե­զուի խնդիր­ներն են:

Հայ­րե­նի­քէն դուրս, տի­րա­պե­տող այ­լա­խօս հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ գոր­ծա­ռող ո­րե­ւէ լե­զու ստի­պուած է դի­մա­կա­յել բա­զում մար­տահ­րա­ւէր­նե­ր: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, տուեալ երկ­րի լե­զուի նկատ­մամբ ի­րա­ւա­կան ան­հա­ւա­սար վի­ճա­կը, հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րը, այ­լա­լե­զու մի­ջա­վայ­րին յար­մա­րուե­լու նոր սե­րուն­դի բնա­կան մղու­մը առ­կայ ի­րո­ղու­թիւն­ներ են, ո­րոնք մշտա­պէս կ՚ըլ­լան եւ մշտա­պէս կը ձգտին նե­ղց­­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գոր­ծա­ռու­թեան շրջա­նակ­նե­րը: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը են­թա­կայ է այլ լե­զու­նե­րու տա­րաբը-­նոյթ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու, եւ բա­ցի այդ՝ նոր սե­րուն­դի շար­քե­րուն մէջ հա­յա­խօս­նե­րու թուի շա­րու­նա­կա­կան նուա­զու­մը վտանգ կը ներ­կա­յաց­նէ ո՛չ միայն լե­զուա­պահ­պա­նա­կան, այլ նաեւ հա­յա­պահ­պա­նա­կան ա­ռում­նե­րով: Այս պայ­ման­նե­րու տակ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ սփիւռ­քեան հա­մազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը պէտք է հա­մադ­րեն ի­րենց ջան­քե­րը՝ շա­րու­նա­կա­բար տա­րա­ծե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ազ­գա­յին ու լե­զուա­կան միաս­նու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը յատ­կա­պէս հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան շրջա­նա­կին մէջ՝ ի­րա­պէս ողջ հա­յու­թեան հա­մար սրբա­գոյն ար­ժէք դարձ­նե­լով մայ­րե­նին:

Լրջա­գոյն խնդիր է սփիւռ­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու պահ­պա­նու­թիւ­նը, ա­նոնց մէջ հա­յե­րէ­նի, հա­յա­գի­տա­կան միւս ա­ռար­կա­նե­րու ու­սուց­ման մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը: Ցա­ւօք, առ­կայ է ո­րա­կեալ ման­կա­վարժ­նե­րու մեծ պա­կաս, ա­ռար­կա­յա­կան պատ­ճառ­նե­րով չկան միաս­նա­կան կրթա­կան ծրագ­րեր եւ դա­սագր­քեր:  Որ­քան ալ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը ջա­նայ ա­ջակ­ցիլ սփիւռ­քա­հայ դպրո­ցին, կը ձեռ­նար­կէ գոր­ծօն մի­ջոց­ներ, կը գոր­ծակ­ցի ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու, հայ ե­կե­ղե­ցիի, պե­տա­կան այլ մար­մին­նե­րու հետ, շա­րու­նակ կը գոր­ծադ­րէ սփիւռք-հայ­րե­նիք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման բազ­մա­զան ե­ղա­նակ­ներ, կը նպաս­տէ հա­յաս­տա­նեան գի­տակր­թա­կան հա­մա­կար­գի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րոն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­մա­ն, ա­րեւմը-տա­հա­յե­րէ­նի դա­սագր­քե­րու եւ ձեռ­նարկ­նե­րու ստեղծ­մա­ն, հայ­րե­նիք ե­կած մեր ազ­գա­կից­նե­րու խնդիր­նե­րու կար­գա­ւոր­մա­ն եւ այլն, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, կը թուի, անհրա­ժեշտ է ո­րո­նել ու գտնել Սփիւռ­քի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն հա­մա­կար­գուած օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու ա­ռա­ւել ար­դիա­կան ու ար­դիւ­նա­ւէտ նոր ե­ղա­նակ­ներ ու մի­ջոց­ներ:

Կա­րե­ւոր խնդիր­նե­րէն է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը: Ճիշդ է, տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րուած են ա­ռան­ձին հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ, գրուած քե­րա­կա­նու­թիւն­ներ, սա­կայն, ինչ­պէս կը վկա­յեն մաս­նա­գէտ­նե­րը, գի­տա­կան ա­ռու­մով 19-րդ դա­րա­վեր­ջի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հա­մե­մատ էա­կան յա­ռա­ջըն­թաց տե­ղի չէ ու­նե­ցած, եւ ե­ղած քե­րա­կա­նու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նին հե­տապն­դած է ու­սու­ցո­ղա­կան նպա­տակ: Ներ­կա­յիս անհ­րա­ժեշտ է գի­տա­կան հիմ­նա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով ստեղ­ծել ա­րեւմը-տա­հա­յե­րէ­նի ա­կա­դե­մա­կան լիար­ժէք քե­րա­կա­նու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ամ­բող­ջա­կան բա­ցատ­րա­կան բա­ռա­րան: Նման աշ­խա­տանք­նե­րը կը նպաս­տեն նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կա­նո­նարկ­մա­ն, կը դառ­նան այն աղ­բիւ­րը, ուր­կէ կը բխին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սում­նա­կան ձեռ­նարկ­ներն ու դա­սագր­քե­րը՝ ըստ տե­ղա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու: Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս ա­ռու­մով եւս իր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն կը հա­մա­րէ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը  Հա­յաս­տա­նի թէ Սփիւռ­քի՝ յատ­կա­պէս Ան­թի­լիա­սի մէջ գոր­ծող Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան խոր­հուր­դի, գի­տակրթա­կան հան­րու­թեան հետ՝ ձգտե­լով հա­մա­տեղ տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու եւ  ծրագ­րե­րու մի­ջո­ցով նպաս­տել խնդրի լուծ­մա­ն:

Նկա­տենք նաեւ, որ գրա­կան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը զրկուած է բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան, գի­տու­թեան լե­զուի իր դե­րէն,  հայ­կա­կան կեան­քի տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ հա­մընդգր­կուն եւ միաս­նա­կան հա­ղոր­դակց­ման մի­ջոց ըլ­լա­լու գոր­ծա­ռոյթ­նե­րէ: Գի­տու­թեան տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու, կրթա­կան հա­մա­կար­գի զար­գա­ցու­մը չ՚ար­տա­յայ­տուիր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, չի հրա­պա­րակ­ուիր գի­տա­կան, գե­ղա­րուես­տա­կան, այլ բնոյ­թի հա­րուստ գրա­կա­նու­թիւն, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գի­տա­կան եզ­րոյ­թա­բա­նու­թիւ­նը բնա­կա­նոն զար­գա­ցում չ՚ար­ձա­նագ­րեր: Այդ ա­մէ­նը էա­կա­նօ­րէն բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նայ լե­զուա­կան հա­մա­կար­գի հե­տա­գայ զար­գաց­ման վրայ:

Ար­տա­քին ան­բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պատ­ճառ դար­ձած են ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րա­կան, բա­ռա­պա­շա­րա­յին, քե­րա­կա­նա­կան ու ո­ճա­կան բազ­մա­թիւ զու­գա­ձե­ւու­թիւն­նե­րու ու ա­ղա­ւա­ղում­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց հեր­թին կը խո­չըն­դո­տեն լե­զուի ու­սու­ցու­մը, կի­րար­կումն ու տա­րած­ու­մը: Մեծ քա­նա­կու­թեամբ բա­ռեր տար­բեր հա­մայնք­նե­րու մէջ ու­նին գրու­թեան, կազ­մու­թեան, քե­րա­կա­նա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րու բազ­մա­ձե­ւու­թիւն­ներ: Լե­զուա­կան միաս­նա­կա­նու­թեան հաս­նե­լու կամ ե­ղած բազ­մա­զա­նու­թիւն­նե­րը ըստ հնա­րա­ւո­րին նուա­զեց­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք, նպա­տա­կադ­րում ու կամք՝ ո՛չ միայն գտնե­լու, գի­տա­կա­նօ­րէն հիմ­նա­ւո­րե­լու  եւ ա­ռա­ջար­կե­լու միաս­նա­կան ու ընդ­հա­նուր ձե­ւեր, այլ նաեւ զա­նոնք ըն­դու­նե­լի դարձ­նե­լու սփիւռ­քի բո­լոր հա­մայնք­նե­րու ու խա­ւե­րու հա­մար: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­մը հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նումն է, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­նի­քի ան­բա­ժա­նե­լի, բայց վտան­գուած մէկ մասն է, եւ ինչ­պէս ան­թոյ­լատ­րե­լի է նա­հան­ջը երկ­րի սահ­ման­նե­րէն, այն­պէս ալ ան­թոյ­լատ­րե­լի է նա­հան­ջը լե­զուա­կան սահ­­ման­նե­րէն: Հա­յե­րէ­նը սրբօ­րէն պահ­պա­նող մի­լիո­նա­ւոր սփիւռ­քա­հա­յե­րը, հայ ե­կե­ղե­ցիի կա­ռոյց­նե­րը, սփիւռ­քեան բազ­մա­թիւ միու­թիւն­նե­րը, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, պար­բե­րա­կան­ներն ու հան­դէս­նե­րը, կայ­քէ­ջե­րը, ռա­տիօ­հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թիւն­­նե­րը, գի­տակր­թա­կան օ­ճախ­նե­րը մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­նի­քի սահ­մա­նա­պահ­ներն են, ո­րոնց խիստ անհ­րա­ժեշտ է ի­րա­կան հայ­րե­նի­քի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յու­թիւնն ու գոր­ծա­ռու­թիւ­նը անհը-րա­ժեշտ է նաեւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի բնա­կա­նոն զար­գաց­ման հա­մար: Շատ կա­րե­ւոր խնդիր է նաեւ ընդ­հա­նուր հա­յե­րէ­նի միաս­նա­կա­նու­թեան պահ­պա­նու­մը, գրա­կան եր­կու ճիւ­ղե­րու ըստ հնա­րա­ւո­րին մեր­ձե­ցու­մը, փոխ­ներ­թա­փան­ցումն ու փոխ­հարս­տա­ցու­մը: Այս ուղ­ղու­թեամբ լուրջ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տար­ուին Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միո­յ լե­զուի հիմ­նար­կին ներգ­րա­ւե­լով թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Սփիւռ­քի յայտ­նի մաս­նա­գէտ­նե­րը: Յատ­կա­պէս բա­ռա­պա­շա­րի եւ եզ­րոյ­թա­բա­նու­թեան ա­ռու­մով առ­կայ են փոխլ­րաց­ման բա­զում օ­րի­նակ­ներ եւ լայն հե­ռան­կար­ներ: Այս ա­մէ­նը կ՚են­թադ­րէ զար­գաց­ման միաս­նա­կան հե­ռան­կա­րի եւ փոխ­հա­մա­ձայ­նե­ցուած կա­նո­նարկ­ման ու փոխ­հարս­տաց­ման ու­ղի­նե­րու մշա­կում եւ ա­նոնց գոր­ծադ­րու­մը այն գի­տակ­ցու­մով, որ իր տար­բե­րա­կա­յին բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով հան­դերձ հա­յե­րէ­նը մէկ միաս­նա­կան լե­զու է, ո­րու բո­լոր ի­րո­ղու­թիւն­ներն ու միա­ւոր­նե­րը շաղ­կա­պուած են ի­րա­րու՝ ան­կախ տար­բե­րա­կա­յին վե­րա­բե­րու­թե­նէ:

Հա­յա­պահ­պա­նու­թեան մնա­յուն ա­ռանց­քը եւ ող­նա­շա­րը մայ­րե­նի լե­զուի ի­մա­ցու­թիւ­նը, պահ­պա­նումն ու զար­գա­ցումն է, ուս­տի կը դի­մեմ հայ­րե­նաբ­նակ ու աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ հա­րա­զա­տօ­րէն կոչ կ՚ը­նեմ.

Թան­կա­գին­ներս, սո­րվե­ցէ՛ք մեր ոս­կե­ղե­նիկ լե­զուն, խօ­սե­ցէ՛ք հա­յե­րէն, սի­րե­ցէ՛ք ու պաշ­տե­ցէ՛ք Մայ­րե­նին իբ­րեւ սրբու­թիւն սրբոց, իբ­րեւ մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ լի­նե­լիու­թեան վկա­յա­կան: Ե­կէք ազ­գո­վին պա­հենք ու պահ­պա­նենք մեր լե­զուն՝ մեր հայ­րե­նի­քը:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017