ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր ղեկավարը երէկ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան անդամներէն Դաւիթ Լոգեանի կողմէ։ Ուղեւորութեան ծրագրի սկիզբին ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Նոյնպէս երէկ, Միշել Աուն այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Բարձրաստիճան հիւրին ուղեկցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արմէն Պապիկեան։

Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն արտայայտեց բարեկամ երկրի ղեկավարի՝ Հայաստան եւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն այցելութեան կապակցութեամբ։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ հայ-լիբանանեան սերտ կապերը ունին պատմական խոր արմատներ՝ ամրօրէն խարսխուած փոխադարձ վստահութեան վրայ։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Միշել Աունի Հայաստան այցելութիւնը նոր խթան կը հանդիսանայ երկու երկիրներու միջեւ զանազան ոլորտներէ ներս գործակցութեան ամրապնդման եւ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու առաւել ընդլայնման տեսանկիւնէն։

Իր կարգին, Միշել Աունն ալ ուրախութիւն յայտնեց Սուրբ Էջմիածին այցելութեան կապակցութեամբ։ Խօսելով լիբանանահայ համայնքի մասին՝ ան արտայայտուեցաւ գնահատանքով։ Աուն մատնանշեց, որ լիբանանահայութիւնը երկրի կեանքէն ներս մեծ ներդրում ունի՝ տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ։

Մայրավանքի համալիրէն ներս Միշել Աուն եւ ընկերակիցները այցելեցին նաեւ Մայր Տաճար եւ ծանօթացան աւանդատուն-թանգարանի երդիքին տակ ցուցադրուած հայ հոգեւոր մշակոյթի արժէքներուն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018