ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին՝ Իտլիպի իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Այս հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ յառաջացած լարուածութեան, որ ծնունդ կ՚առնէ Իտլիպի իրադարձութիւններուն եւ Սուրիոյ հիւսիսին տեղակայուած Թուրք զինեալ ուժերու տարրերու ենթարկուած յարձակումներուն հետեւանքով։ Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ Իտլիպի պարագային լուծումը Սոչիի համաձայնութիւնն է։ Որքան ատեն, որ Սուրիոյ բանակը Իտլիպի ժողովուրդին վրայ յարձակի, Թուրքիա այնքան ատեն պիտի մնայ այնտեղ ու ետ պիտի չքաշուի։ Ուստի, Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան պահանջեց, որ Ռուսաստան զսպէ Սուրիան։

Մինչ Իտլիպի մէջ բախումները կը շարունակուին, միջազգային հարթութեան վրայ ալ անհանգստութիւնը կը խորանայ։ Այս մթնոլորտին մէջ շարժման անցան նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ, որոնք եւս հեռախօսազրոյց մը ունեցան նախագահ Էրտողանի հետ։ Թելեքոնֆերանսի դրութեամբ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին Իսթանպուլի մէջ գագաթաժողովի մը մասնակցելու։ Մաքրոն եւ Մերքէլ, որոնք կը խտացնեն իրենց դիւանագիտական ջանքերը, երէկ Վլատիմիր Փութինի հետ եւս հեռախօսազրոյց մը ունեցան։ Անոնք ռուս ղեկավարէն պահանջեցին, որպէսզի յարձակումները ժամ առաջ վերջ գտնեն եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները չխոչընդոտուին։ Էրտողանն ալ Փութինի հետ զրուցելու ժամանակ շեշտեց նոյնպէս մարդասիրական ճգնաժամի կասեցման անհրաժեշտութիւնը։

Այս բոլորին կապակցութեամբ Քրեմլինն ալ հանդէս եկաւ լուսաբանութիւնով մը։ Վլատիմիր Փութին անդրադարձած է այն անհանգստութեան, որ ծնունդ կ՚առնէ Իտլիպի արմատական խմբաւորումներու ծաւալած գործունէութեան հետեւանքով։ Փութին եւ Էրտողան որոշած են, որպէսզի Իտլիպի կապակցութեամբ երկու երկիրներու մասնագէտներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւնները շարունակեն քննարկումները։ Այդ հանդիպումները պիտի ապահովեն շրջանէ ներս լարուածութեան նուազումը, հրադադարի հաստատումը եւ ահաբեկչական սպառնալիքներու չէզոքացումը։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին նաեւ, որ նախագահները համակարծիք գտնուած են շփումները ա՛լ աւելի խտացնելու ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020