ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՊԱՀԷ ԿԱՄՔԸ՝ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Ռուհանի կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու հետամուտ հաւանական քայլերու շուրջ՝ յատկապէս տնտեսութեան, փոխադրութեան, անվտանգութեան եւ միւս բնագաւառներու պարագային։ Նախագահ Էրտողան մատնանշեց, որ Թուրքիա կը պահէ իր կամքը Իրանի հետ փոխյարաբերութիւնները ամրապնդելու ուղղութեամբ։

Էրտողանի համոզմամբ, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր ղեկավարութիւնը պէտք է հրաժարի Իրանի դէմ սահմանուած միակողմանի պատժամիջոցներէն, որոնք անարդար խոչընդոտներ կը ստեղծեն երկրի ժողովուրդի բարգաւաճման առջեւ։ Այս մաղթանքին առընթեր, Էրտողան դիտել տուաւ, որ վերջին օրերուն այս նիւթին շուրջ կատարուած յայտարարութիւնները առիթ դարձած են նոր հնարաւորութեան մը պատուհանին բացուելուն։

Ռուհանիի հետ զրուցելու ժամանակ նախագահ Էրտողան ամենատրամաբանականը նկատեց՝ Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ միջազգային գործարքի վերստին աշխատունակ դարձուիլը։ Ան կարեւորեց նաեւ երկխօսութեան դռներուն բաց պահուիլը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2021