ԱՐՑԱԽԻ ՇԱՐԺՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԷՆ 30 ՏԱՐԻ ԱՆՑ, ԴԱՐՁԵԱԼ ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ 20-ԻՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Արցախի տարածքներու զգալի կորուստով եւ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը շարունակէ հետամուտ մնալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած իշխանութիւններու հրաժարականին։ Ամիսներէ ի վեր ընդդիմութիւնը պայքար կը մղէ եւ այդ մէկը շաբաթավերջին մեծ հանրահաւաքով արդէն նոր հարթութեան մը վրայ եկած է։

Արցախի շարժման պաշտօնական մեկնարկէն՝ 20 փետրուար 1988 թուականէն 30 տարի անց, դարձեալ փետրուարի 20-ին Հայաստանի ընդդիմութիւնը հանրահաւաք մը կազմակերպեց Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին կողմէ կազմակերպուած բազմամարդ հանրահաւաքէն վերջ, մայրաքաղաքի կեդրոնին չորս տարբեր ուղղութիւններով բողոքի երթեր ալ տեղի ունեցան։ Ընդդիմադիր ճակատը, որու հիմնական պահանջը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն է, այս օրուընէ սկսեալ նախատեսած է քաղաքացիական անհնազանդութեան զանազան շարժումներ։ Այսպէսով Հայաստանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը կը ջանան նոր թափ մը տալ իրենց պայքարին՝ մինչ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ երկրի արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի՝ մանաւանդ Սիւնիքի մարզէն տարածքներու կորուստներով հանդերձ։ Հանրային կարծիքին մօտ հետզհետէ կ՚ամրապնդուի այն համոզումը, թէ Փաշինեանի իշխանութիւնները ի զօրու չեն դիմագրաւելու առկայ մարտահրաւէրները։

Քաղաքական մեկնաբաններ կը մատնանշեն, որ անգործունակ իշխանութեան հեռանալը հետզհետէ կը դառնայ հանրային թիւ մէկ պահանջը երկրէն ներս։ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր ուժերէն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանն ալ, որ մասնակցեցաւ շաբաթավերջի հանրահաւաքին, ըսաւ. «Իշխանութիւնները ի վիճակի չեն խնդիրները լուծելու, պէտք է հրաժարական տան, սա է մեր ազգի փրկութիւնը»։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանն ալ հերթական անգամ շեշտեց, որ երկիրը կրնայ առկայ իրավիճակը յաղթահարել, սակայն, այս կացութենէն դուրս գալու նախապայմանը ներկայ վարչապետի հեռանալն է։ Այդ փուլէն վերջ է, որ պիտի սկսին այն իսկական քայլերը, որոնք պէտք է կատարուին։ Վազգէն Մանուկեան դիտել տուաւ, որ ինչեր կը նախատեսուին Փաշինեանի հրաժարման պահու հասունացման համար։ Բայց եւ այնպէս, կայ նաեւ այլ ծրագիր մը։ «Պէտք է պատրաստ ըլլալ կայծակնային արագութեամբ ապստամբելով իշխանութիւնը վերցնելու», ըսաւ ան։

Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթներ ունեցան նաեւ այլ ընդդիմադիր առաջնորդներ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2021