ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԷՆ ԱՌԱՋԱՐԿ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ փետրուարի 21-ը նախատեսուած է՝ որպէս Մայրենի լեզուի միջազգային օր։ Այս կարգադրութեան նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել այն լեզուներուն վրայ, որոնք անհետանալու վտանգին ենթակայ են։ Արեւմտահայերէնն ալ կը դասուի անոնց շարքին։ Երէկ, այս առթիւ, Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան առաջարկ մը ներկայացուց Ազգային մեծ ժողովի դիւանին։ ՀՏՓ-ական պատգամաւորին կողմէ խորհրդարան ներկայացուած առաջարկով կը նախատեսուի՝ վտանգի ենթակայ լեզուներու պահպանման նպատակով փոփոխութիւններ կատարել երկրի օրէնսդրութեան մէջ։ Խօսքը կը վերաբերի կարգ մը օրէնքներու եւ համապատասխան օրէնքի համազօր հրամանագրի մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2021