ԱՇԽԱՐՀ ՓՈՒՇԻ ՎՐԱՅ

Ուքրայնայի տագնապը երէկ թեւակոխեց բոլորովին նոր հարթութիւն։ Այսպէս, Ռուսաստան ճանչցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու անկախութիւնը եւ իր բանակը մուտք գործեց Ուքրայնայի տարածքը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս բախտորոշ որոշումը առաւ հրամանագիր մը ստորագրելով։ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն վերջ ան երկարաշունչ ելոյթով մը դիմեց ժողովուրդին եւ տեղեկացուց առնուած քայլի հիմնաւորումները։ Փութին նշեց, որ Ուքրայնայի արեւելքը պատմականօրէն եղած է Ռուսաստանի տարածք։ Այս բոլորէն վերջ Փութին հրահանգեց նաեւ զինուորական գործողութեան ձեռնարկել՝ Տոնպասի շրջանի խաղաղութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։ Այսպէսով ռուսական զօրքերը մուտք գործեցին Ուքրայնայի՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք։ Հարկ է յիշեցնել, որ 2014-ին, ի հեճուկս Քիեւի ղեկավարութեան, ռուսամէտ անջատողականները Ուքրայնայի տարածքէն ներս ստեղծած էին Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները։

Մինչ ամբողջ աշխարհ փուշի վրայ է, միջազգային հանրութիւնը սաստիկ հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ Ռուսաստանի քայլին դէմ։ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ այս որոշման բոլոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը պիտի վիճակի Ռուսաստանին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները անմիջապէս առեւտուրի արգելք սահմանեց խնդրոյ առարկայ տարածքներու պարագային։ Եւրոպայի յառաջատար դերակատարները՝ Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Անգլիա միացան բուռն բողոքի շարքին։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն յայտնեց, որ այս որոշումը խոտոր կը համեմատի Ռուսաստանի միջազգային խոստումներուն։ Ան պախարակեց Փութինի որոշումը եւ աւելցուց, որ սա կը նշանակէ յարձակում Ուքրայնայի ինքնիշխանութեան դէմ եւ Ռուսաստանի միջազգային խոստումներու ակնյայտ միակողմանի խախտում։ Մաքրոն յայտնեց, որ Եւրոպա պէտք է պատժամիջոցներ սահմանէ Ռուսաստանի դէմ։ Անգլիոյ մէջ կառավարութիւնը վարչապետ Պորիս Ճանսընի գլխաւորութեամբ արտահերթ նիստ գումարելու որոշում առաւ։ Իսկ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց տեղեկացուց, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Մաքրոնի հետ համաձայն գտնուած են, որպէսզի Փութինի քայլը անպատասխան չմնայ։ Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնն ալ բուռն ձեւով արձագանգեց որոշման՝ մինչ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը արտահերթ ժողով մը գումարեց։ Ուքրայնայի ներկայացուցիչը այս առթիւ Նիւ Եորքի մէջ յայտնեց, որ ունին ինքնապաշտպանութեան իրաւունք։

Անգարա եւս անընդունելի եւ մերժելի համարած է Մոսկուայի որոշումը։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Մոսկուայի քայլը խոտոր կը համեմատի Մինսքի համաձայնութիւններուն եւ ակնյայտ ոտնձգութիւն է Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան դէմ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ այժմ կը նախատեսուին կարգ մը դիւանագիտական շփումներ։ Այս ուրբաթ Ժընեւի մէջ ժամադրուած են ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։ Օր մը վերջ ալ այս վերջինը Փարիզ անցնելով պիտի մէկտեղուի իր ֆրանսացի պաշտօնակցին՝ Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022