ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ…

Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք ու պատկառազդու իրադարձութիւն մը, որ յատկանշական էր թէ՛ Ֆրանսայի, թէ հայութեան եւ թէ համայն մարդկութեան պատմութեան տեսակէտէ։ Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժման հայազգի հերոսը՝ Միսաք Մանուշեանն ու կողակիցը՝ Մելինէ Մանուշեան պետական արարողակարգով վերայուղարկաւորուեցան եւ իրենց վերջին հանգրուանը գտան Փարիզի աշխարհահռչակ Պանթէոնին մէջ, ուր անոնց ներկայութիւնը պիտի ապահովէ նաեւ իրենց շուրջ երկու տասնեակ դիմադրակից ընկերներու հոգիներու թեւածումը։ Միսաք Մանուշեանի կողմէ գլխաւորուած դիմադրական խումբի բոլոր անդամներու յիշատակի ոգեկոչման եւ յետմահու մեծարման առիթ հանդիսացաւ երէկուան հանդիսութիւնը, որ զուգադիպեցաւ նացիներու կողմէ անոնց գնդակահարման 80-րդ տարելիցի օրուան։ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները այսպէսով դարձան Ֆրանսայի այն առաջին գաղթական-օտարները, որոնք մուտք գործեցին ֆրանսական ազգի մեծ երախտաւորներու կոթողային տաճարը, ուր ժամանակներու ընթացքին կը յաւերժանան՝ որպէս ազատութեան նուիրեալներ եւ յամառ պայքարի կերպարներ։

Փարիզի սրտին վրայ երէկուան արարողութիւնը ֆրանսական պետութեան կողմէ գագաթնային յարգանքի մը դրսեւորման նշանակութիւնը ունեցաւ։ Մայրաքաղաքի Սիւֆրէն փողոցը փակուած էր եւ Մանուշեաններու դագաղները պատուոյ պահակախումբին կողմէ երեք փուլով առաջնորդուեցան դէպի Պանթէոն։ Առաջին փուլը ձօնուած էր Մանուշեանի ցեղասպանութեան վերապրող մը ըլլալուն եւ դագաղներուն գլուխը հնչեց անմոռանալի Շարլ Ազնաւուրի գլուխ գործոցներէն «Ինկան անոնք»ը։ Երկրորդ փուլը խորհրդանշեց Մանուշեանի Ֆրանսա հաստատուիլը, իսկ երրորդը՝ անոր մասնակցութիւնը դիմադրութեան։ Բոլոր փուլերուն յատկանշական երաժշտական կատարումներ եղան՝ մինչ ժապաւէնի մը մէջ Մանուշեանը մարմնաւորած ֆրանսահայ դերասան Սիմոն Աբգարեան մի առ մի ընթերցեց իր գլխաւորած դիմադրութեան խումբի անդամներուն անունները։ Իւրաքանչիւրէն վերջ կը բարձրաձայնուէր. «Մահացած՝ Ֆրանսայի համար»։

Այս յուզումնալի դրուագներով դագաղները հասան Պանթէոնի մուտքը, ուր աստիճաններուն վրայ զանոնք ստանձնեցին Ֆրանսայի հանրապետական պահակները, որոնք ուսամբարձ զանոնք զետեղեցին հոյակերտ կոթողի կեդրոնը։ Արարողութեան թագն ու պսակն էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կուռ դամբանականը, որու ընթացքին ան ընդգծեց, թէ Մանուշեանի վերջնական ու մշտական ընտրութիւնը ազատութիւնն էր։

Նախագահ Մաքրոն ելոյթէն վերջ իր խոնարհումը բերաւ Մանուշեաններու դագաղներուն առջեւ՝ մինչ հնչեց Ֆրանսայի Ազգային օրհներգը՝ «Մարսէյյէզ»ը։ Ֆրանսայի ամբողջ պետական աւագանիի, նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին առընթեր, ներկայ էին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ֆրանսահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ, այլ բազմաթիւ հիւրեր եւ օտարերկրեայ դիւանագէտներ, որոնց շարքին իր յարգանքի տուրքը մատուցելու փութացած էր նաեւ Փարիզի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը։

Ամբողջ արարողութեան հենքին մէջ առանցքային տեղ զբաղեցուց Միսաք Մանուշեանին կողմէ գնդակահարուելէ առաջ Մելինէ Մանուշեանին գրած վերջին նամակը, որու բովանդակութիւնը կարծես բեմագրութեան մը վերածուած ըլլար։ Ֆրանսական յառաջատար բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայն տեղ տուին այս իրադարձութեան թէ՛ ուղիղ եթերներով եւ թէ մասնաւոր տեսահոլովակներով։ Անոնք ընդգծեցին, որ Պանթէոն մուտք կը գործէր անհայրենիք մը, որ կենդանութեան օրօք երազած էր ըլլալ ֆրանսացի մը, սակայն մերժուած էին քաղաքացի դառնալու իր դիմումները։ Յամենայնդէպս, ան դարձաւ հերոս մը, որ իր անփոխարինելի ներդրումը բերաւ ազատ Ֆրանսայի կերտման եւ ի վերջոյ իր արդար տեղը գտաւ՝ ֆրանսական ազգի մեծ երախտաւորներու շարքին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024