ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Հայկական զինեալ ուժերու ղեկավար կազմի գործնական հաւաքներու մեկնարկին։ Հայկական բանակի բոլոր զօրամիաւորումներու հրամանատարները, զօրաեսակներու ծառայութեան պետերը, ուժային կառոյցներու ղեկավարները, ռազմակրթական հաստատութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները մասնակցեցան այս հաւաքին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ժողովի բացման զեկուցումով մը հանդէս եկաւ հաւաքներու ընթացքին մշակուած ծրագրով նախատեսուած միջոցառումներուն շուրջ։ Ըստ նախարարին, հաւաքներու շարքը պիտի եզրափակուի ռազմավարական հրամանատարային ռազմափորձերով, որոնց շրջագծով հաշուի կ՚առնուի տարածքաշրջանային ներկայ ռազմաքաղաքական իրավիճակը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան հաւաքի մասնակիցները ողջունելով զանազան առումներով կարեւորեց սոյն ժողովին կազմակերպուիլը։ Այս հաւաքները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ծանօթանալու պաշտպանութեան բնագաւառի զարգացումներուն, հրատապ հարցերուն եւ կարծիքներ փոխանակելու անոնց վերաբերեալ։ Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն եւ կանգ առաւ պաշտպանութեան ռազմավարութեան վերանայման գործընթացի արդիւնքներուն վրայ։ Ան խօսեցաւ նաեւ անցեալ տարի Արցախի ճակատին վրայ պատահածներուն շուրջ։ Հայաստանի մերձակայքին գտնուող Սուրիոյ եւ Ուքրայնոյ զարգացումներուն առընչութեամբ եւս խորհրդածութիւններ ըրաւ Սերժ Սարգսեան։
Հաւաքի ընթացքին Սարգսեան յիշեցուց, թէ անցեալ տարեվերջին Հայաստանի զինեալ ուժերը ստացան որակապէս նոր սպառազինութիւն եւ հետագայ մատակարարման երաշխիքներ։ Ա՛լ աւելի կարեւոր է, ըստ իրեն, որ մշակուած է նոր հայեցակարգ մը՝ զինեալ դիմակայութիւնը զսպելու համար։ Հետեւաբար, Սարգսեան համոզուած է, թէ օգտակար պիտի ըլլայ հաւաքի ընթացքին ներկայացնել Պաշտպանութեան նախարարութեան մօտեցումները տարածքաշրջանէն ներս ռազմաքաղաքական իրավիճակի եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման ուղղեալ գործառոյթներու կատարման կապակցութեամբ։