ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ նշուե­ցաւ Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րը։ Մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նին մէջ, Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ կեան­քի կո­չուե­ցաւ այս ծրա­գի­րը՝ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Բա­նաս­տեղ­ծութեան հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րուան առ­թիւ պատ­րաս­տուած էր մե­ծա­դիր ե­ռա­լե­զու պաս­տառ մը՝ հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն։ Նոյն պաս­տա­ռին վրայ հա­յե­րէ­նով մէջ­բե­րուած էին Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցէն տո­ղեր, անգ­լե­րէ­նով՝ Ո­ւի­լիըմ Շէյքս­փի­րէն, ֆրան­սե­րէ­նով՝ Ար­թիւր Ռեմ­պո­յէն։ Ե­րի­տա­սարդ­ներ բա­նաս­տեղ­ծա­կան գիր­քեր ի ձե­ռին եր­բեմն պա­րե­րով մաս­նակ­ցե­ցան այս ծրագ­րին, որ գրա­սէր­նե­րու մօտ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս տա­րի Հա­յաս­տա­նի մէջ բա­ցա­ռիկ ընդգր­կուն ձե­ւով նշուե­ցաւ Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ուղ­ղեալ ձեռ­նարկ­նե­րուն ա­ռըն­թեր տե­ղի ու­նե­ցան գրա­կան քննար­կում­ներ, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, նաեւ ցու­ցադ­րուե­ցան գրող­նե­րուն ձօ­նուած ժա­պաւէն­ներ։ Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի տուն-թան­գա­րա­նին մէջ գրա­կան խմբակ­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­ցան դա­սա­կան եւ ար­դի բա­նաս­տեղծ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։

Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յի ա­ռըն­թեր, օ­րուան ծրագ­րի զա­նա­զան հանգ­րուան­նե­րը կեան­քի կո­չուե­ցան Սի­րա­հար­նե­րու այ­գիին, քա­ղա­քի զա­նա­զան պու­րակ­նե­րուն կամ դպրոց­նե­րուն, թան­գա­րան­նե­րուն, մշա­կոյ­թի տու­նե­րուն, գրա­խա­նութ­նե­րուն, ա­կումբ­նե­րուն եւ գի­շե­րօ­թիկ դպրոց­նե­րուն մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016