ՀԱԼԷՊ. ԱՆՑԵԱԼ… ԵՐԱԶ… ՄՂՁԱՒԱՆՋ…
Սուրիական տագնապի առաջին իսկ օրերէն շրջանային եւ միջազգային լուսարձակները շեշտուած կերպով կեդրոնացան Հալէպի (նահանգ եւ քաղաք) վրայ, եւ այդպէս ալ մնացին: Մեկնաբաններ, լրագրողներ, պատմաբաններ, նոյնիսկ բանաստեղծներ հրապարակեցին յօդուածներ, գիրքեր, տարաբնոյթ դիտանկիւններով՝ քաղաքական, առեւտրական, մարդասիրական, կրօնական, հնագիտական, յուշագրական եւ այլն: Բոլորին հասարակաց գիծը ցաւն էր: Յառաջիկայ ամիս Բրիտանիոյ մէջ պիտի հրատարակուի գրող, պատմաբան Տքթ. Ֆիլիփ Մանսելի «Հալէպ. վերելքը եւ անկումը Սուրիոյ վաճառականական մեծ քաղաքին» գիրքը, որուն գրախօսականը «Սփեքթէյթըր» թերթի 5 Մարտի թիւին մէջ ըրած է Ճասթին Մարոզզի, որ ի դէպ, երբեմն տուրք տուած է սուրիական տագնապին վերաբերեալ արեւմտամէտ դիրքորոշումին:
«Հալէպ. գիշերուան մը մէջ հանդուրժողականութենէ դէպի ահաբեկչութիւն» վերնագիրով յօդուածէն թարգմանաբար կը ներկայացնենք շահեկան հատուածներ:
Երբ գերմանացի բժիշկ եւ բուսաբան Լէոնարտ Ռովոլֆ այցելած է սուրիական Հալէպ քաղաք, ան անմիջապէս տպաւորուած է քաղաքի բարգաւաճող առեւտուրով: «Շատ հիանալի է: Ծանրաբեռնուած ձիերու եւ ուղտերու կարաւաններ ամէն օր կու գան աշխարհի բոլոր երկիրներէն», գրած է ան 1573-ին, սակայն այս նկարագրութիւնը կրնար գրուած ըլլալ որեւէ ատեն, նախորդ քանի մը հազար տարուան ընթացքին:
Հալէպի համար առեւտուրը եւ աշխարհաքաղաքացիութիւնը միշտ եղած են նոյն մետաղադրամին երկու երեսները: Անոնք քաղաքի նկարագիրին մէջ են իսլամներու կողմէ Հալէպի 637 թուականի գրաւումէն շատ առաջ: Գրեթէ հազար տարի ետք Ռովոլֆ հաղորդած է Հալէպի մէջ պատահած պատմութիւն մը՝ Օսմանեան կայսրութեան զարգացած սուլթան Սուլէյման Սքանչելիի մասին: «Սուլթանը կը քննարկէր հրեաները իրենց անտանելի վաշխառութեան պատճառով վտարելու մասին իր խորհուրդի առաջարկը: Սուլէյման խորհրդականներուն ցոյց կու տայ գոյնզգոյն եւ գեղեցիկ ծաղիկներ պարունակող զամբիւղ մը, եւ կը թելադրէ նկատել, որ արդեօք գունագեղ ծաղիկները մէկը միւսէն աւելի լաւ չե՞ն: Նուրբ ակնարկէ մը ետք, Սուլէյման իր նախապատուութիւնը կատարելապէս կը պարզէ. «Ըստ իս, յարմար է, որ այդ բոլորը, որոնք երկար ատենէ միասին պահպանուած են մինչեւ հիմա, կարելի է նոյն ձեւով պահել եւ հանդուրժել ապագային համար»: Եւ այդպէս եղաւ:
Այսպէսով, օսմանեան պաշտպանութեամբ, բազմակրօն, բազմալեզու համայնքը միասին կը բարգաւաճէր աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ: Հալէպ, որ հիմնադրուած է Քրիստոսէ առաջ հինգերորդ հազարամեակին, եղած է արաբական եւ թրքական, քրդական եւ հայկական: Մայրաքաղաքներու առեւտուրի պատմական Մետաքսի ճամբան, որ ռազմավարական դիրքով մը կը գտնուի Միջերկրական եւ Եփրատ գետերու միջեւ, Հալէպ իսլամական, հրէական եւ քրիստոնէական էր, քիչ թէ շատ ներդաշնակ միաձուլում՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի: Երբ Ճոն Էլտրէտ (հետագային Լեւանդ ընկերութեան գանձապետը եւ Հալէպի մէջ առեւտուր ընող առաջին անգլիացիներէն մէկը), երբ 1586-ին Հալէպ հասաւ, անոր ուշադրութիւնը գրաւեց աղմուկն ու իրարանցումը՝ ստեղծուած հրեաներու, թաթարներու, պարսիկներու, հայերու, եգիպտացիներու, հնդիկներու եւ բազմաթիւ քրիստոնեաներու կողմէ, որոնք բոլորն ալ կը վայելէին «խղճի ազատութիւնը» այն ժամանակ, երբ ատիկա չէր լսուած Եւրոպայի մէջ: Հալէպի հին ասոյթ մը կ՚ըսէր. «Չափազանցութիւնը անտանելի է, նոյնիսկ՝ կրօնական պաշտամունքի մէջ»: Ասիկա այսօր որքա՛ն այժմէական կը հնչէ:
Ժամանակին հոմանիշ խաղաղութեան եւ ճոխութեան, խորամանկութեան եւ խոհականութեան, այսօր Հալէպ Սուրիոյ Ստալինկրատն է, քաղաք մը, որ երկփեղկուած է ապստամբներու եւ վարչակարգին միջեւ: Ատիկա քաղաքային խորտակում մըն է, սրտին մէջ անոր, որ ՄԱԿ կ՚անուանէ «մեր սերունդի մարդասիրական վատագոյն տագնապը»: Դարեր շարունակ Միջին Արեւելքի հարստութեանց համար էական նշանակութիւն ունեցած քաղաքը այսօր կռիւներուն պատճառով կը թուի, թէ պիտի խորտակուի: Քաղաք մը, որ միայն վերջերս կը պարծենար իր 2 միլիոն բնակչութեամբ, պարպուած եւ վերածուած է 400 հազար հաշուող պաշարուած, քարուքանդ տարածքի մը: Կենսական անհրաժեշտութեան ապրանքներու սակերը կը բարձրանան ռմբակոծումներուն պատճառով: Սննդամթերքը անմատչելի կը դառնայ: Հալէպ քաղաքի հնձուած արտերը փոշիացած են, ինչպէս նաեւ՝ պատմական կոթողները, որոնց շարքին՝ Խուսրուվիյա մզկիթը, որ գործն է երեք սուլթաններու գահակալութեան ընթացքին օսմանեան գլխաւոր ճարտարապետ Միմար Սինանի: Քարուքանդ վիճակի մէջ են նաեւ հոյակապ փակ շուկաները, որոնք բաբախուն առեւտրական սիրտն էին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայրին: Հզօր միջնաբերդը, որ դիմացած է հռոմէացիներու, յոյներու, պարսիկներու, եգիպտացիներու, թաթարներու եւ արաբներու արշաւանքներուն, Լենկ Թիմուրի բնաջնջող այցելութեան (սուրիացի պատմաբանի մը կողմէ նկարագրուած՝ իբրեւ «ուխտագնացութիւն ոչնչացման»), արդէն ողբերգականօրէն սպիացած է եւ այժմ կ՚իշխէ ռմբակոծուած տուներու, փլուզած բնակելի շենքերու եւ փլուզուող կեանքին վրայ:
Երբեմնի հռչակաւոր քաղաքը ինչպէ՞ս այս վիճակին հասաւ: Ասիկա հարցում մըն է, որուն Ֆիլիփ Մանսելի սքանչելի նոր պատմութիւնը կը փորձէ անուղղակի պատասխանել՝ նշելով պատճառները Հալէպի նախկին վեհութեան եւ ներկայի տանջանքին:
Ան կը գրէ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ ոճով մը: Գիրքին առաջին քառորդը բաղկացած է գեղեցիկ նկարագրուած դրուագներէ, 1516 թուականի օսմանեան գրաւումէն մինչեւ այսօր: Մնացեալ մասը նուիրուած է դարերու ընթացքին անվերջ ճամբորդութիւններու մասնակիցներու հաճելի պատմութիւններուն: Հոս են բոյսերը ուսումնասիրող Լէոնարտ Ռովոլֆը, 16-րդ դարուն, ինչպէս նաեւ՝ Ժան-Պափթիստ Թաւեռնիէն, արհամարհոտ ֆրանսացի գոհարի վաճառականը, որ յայտնաբերած է 112 քարաթնոց «Կապուտակ Թաւեռնիէ» ադամանդը եւ ատիկա 17-րդ դարուն վաճառած է Լուի 14-րդ թագաւորին: Դարերու ընթացքին Հալէպ այցելած են հռչակաւոր հնախոյզներ, վաճառականներ, հնագէտներ եւ լրտեսներ: Գիրքին մէջ նաեւ կը հանդիպինք վաստակաւոր ճանապարհորդ, վաւերական լրագրող եւ ապագային Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Սիլք Պաքինկհամի, որ 1816 թուականի Հալէպ իր այցելութեան ընթացքին համարձակօրէն չէր տպաւորուած օսմանեան տիրապետութեամբ:
Հրաշալի Կերթրուտ Պել, որ տարեց իրաքցիներու կողմէ մինչեւ այսօր կը յիշուի երկրի հնութիւնները պահպանելուն եւ Իրաքի թանգարանը հիմնադրելուն համար, 1909-ին ներկայացուցած է Հալէպի աւելի խոհուն ու երփներանգ դիմանկարը: Տիկին Պել հիացած է քաղաքի կենսունակութեամբ, յատկանշական նկարագիրով եւ ճարտարապետութեան «մռայլ շքեղութեամբ»: Տիկին Կերթրուտ Պել գրած է.« Հալէպ քաղաք մըն է, որ արագօրէն կը պաշտպանէ առեւտրականներու հեռաւոր վայրերէ շահած հարստութիւնը»: Դամասկոս եւ Պոլիս կրնային աւելի կայսերական ըլլալ, Պաղտատ՝ Խաղաղութեան քաղաքը, աւելի ազ-նըւական, իսլամական, Գահիրէն՝ աւելի հրաշալի, բայց Հալէպ միշտ եղած է աւելի խորհուրդ, գաղափար, քան՝ քաղաք: Ան եղած է քաղաքային օրինակը համակեցութեան, վայր մը, ուր մեծ չափով (եւ հոս-հոն ցանցառ, արիւնալի բացառութիւններով), հանդուրժողականութեան ոգին իշխած է ստոր բռնապետներու վրայ: 11 Նոյեմբեր 1918-ին (Ա. Աշխարհամարտի աւարտի զինադադարին առաջին օրը) Ֆայսալ իշխան, ապագային՝ Իրաքի թագաւորը, Հալէպ այցելելէ քանի մը օր ետք հրապարակաւ իր յանձնառութիւնը յայտնած է խորապէս արմատաւորուած համակեցութեան այս աւանդութեան:
«Արաբները արաբներ էին՝ նախքան Մովսէս, Յիսուս եւ Մուհամմէտ: Բոլոր կրօնները երկրի վրայ եղբայրութիւն կը պատուիրեն: Ով որ տարակարծութիւն կը սերմանէ իսլամին, քրիստոնեային եւ հրեային միջեւ, արաբ չէ»:
«Նման տեսակէտները կը պատկանին Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ այլ դարաշրջանի: Առեւտուրը եւ համակեցութիւնը առանձինն որքան ալ կենսական ըլլան քաղաքներու աւիւնին համար, բաւարար չեն զանոնք պաշտպանելու վերջնական կործանումէ», համոզիչ կերպով կը պնդէ Մանսել գիրքի վերջին գլուխին՝ «Քաղաքի մը մահը»ին մէջ: «Ատոնք կախեալ են պետական աջակցութենէն եւ թշնամիներուն դէմ ուժի օգտագործումէն կամ սպառնալիքէն», կ՚աւելցնէ ան:
Հալէպ անցեալին հետեւեալ պատգամը ունէր՝ «Տարբեր ցեղեր եւ կրօններ կրնան գոյակցիլ նոյն քաղաքին մէջ»: Գրեթէ գիշերուան մը մէջ հանդուրժողականութենէ ահաբեկչութիւն անցում կատարելով՝ Հալէպ փոխած է իր պատգամը: Ատիկա ցոյց կու տայ, որ 21-րդ դարը կրնայ նախորդ դարերուն չափ կործանարար ըլլալ: Մանսել խորապէս քաղաքակիրթ եւ քաղաքակրթող պատմաբան է, որ բազմաթիւ տարիներ անցուցած է Միջին Արեւելքի մէջ: Գեղակազմ եւ եղերերգական՝ «Հալէպ» գիրքը թանկարժէք յուշարձան մըն է երբեմնի շքեղ քաղաքին, որ արդէն ենթարկուած է անարգ կործանումի եւ թշուառութեան:
Կարելի է միայն յուսալ, որ, ինչպէս իր դրացի Պաղտատը, որ դարձած է ճկունութեան խորհրդանիշ, Հալէպ կը բարձրանայ մոխիրէն: Սակայն Միջին Արեւելքի եւ իսլամական աշխարհի (Սուրիայէն եւ Իրաքէն դէպի Եմէն եւ Լիպիա) սպառնացող կործանարար ցնցումները այնպիսին են, որ նման հեռանկարներ իսկապէս տժգոյն կը թուին:
Դատարկուելով իրենց հրէական եւ քրիստոնէական համայնքներէն, զրկուելով իրենց կեանքի բարձրացման աշխարհաքաղաքացիութենէն, երբեմնի աննախապաշար Տար էլ Իսլամը ինքն իր վրայ կը կծկուի՝ աւելի ու աւելի նշաւակ դառնալով համայնքայնութեան, հաւատադրժողականութեան քանդիչ չարիքին:
ՖԻԼԻՓ ՄԱՆՍԵԼ
Պատմաբան Տքթ. Ֆիլիփ Մանսել (ծն. Լոնտոն, 1951) հեղինակ է 11 պատմական գիրքերու(6 գիրք թարգմանուած՝ ֆրանսերէնի) եւ բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք գլխաւորաբար կ՚առընչուին Ֆրանսայի, Օսմանեան կայսրութեան եւ Միջին Արեւելքի: Անոր գործերէն են՝ «Սուլթանները շքեղութեան մէջ» (հրտ.1988), «Կ. Պոլիս. աշխարհի ցանկութեան քաղաքը 1453-1924» (հրտ. 1995), «Լեւանդ. շքեղութիւն եւ աղէտ Միջերկրականի վրայ» (հրտ. 2010):
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ