ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի մօտ Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գահու­թեան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կեր­նոտ Էր­լէր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը վե­րա­հաս­տե­տե­ցին ի­րենց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան բա­նակ­ցա­յին ճա­նա­պար­հով խաղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կերնոտ Էր­լէր եւ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րութիւ­նով մը, ուր շեշ­տուած է, գեր­մա­նա­կան նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նին աշխա­տանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին հա­կա­մարտ կող­մե­րու հետ խնդրի կարգա­ւոր­ման տար­րե­րուն շուրջ՝ նուա­զեց­նե­լու բռնու­թեան ռիս­քե­րը եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ծրագ­րեր, ո­րոնք պի­տի նպաս­տեն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ ան­միջա­կան շփման։

«Խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար կարե­ւոր է, որ կող­մե­րը ձեռ­նար­կեն բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն՝ յա­նուն բռնու­թե­նէ խու­սափե­լու, մաս­նա­ւո­րա­պէս այն բռնու­թենէն, որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ շփման գծին եւ հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին բնա­կող խա­ղաղ բնակ­չու­թեան վրայ։ Այս ա­ռըն­չու­թեամբ մենք կ՚ա­ջակ­ցինք ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Անճէյ Կասպր­չի­կի յայ­տա­րա­րու­թեան, ո­րով կոչ կ՚ուղ­ղուէր կող­մե­րուն խստօ­րէն յար­գել հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը Նեւ­րու­զի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան եւ Ս. Զատ­կի ժա­մա­նակ։ Մենք կող­մե­րուն կը յոր­դորենք ստեղ­ծել հա­մա­պա­տաս­խան պայման­ներ տա­րած­քաշր­ջա­նի բնակ­չու­թեան հա­մար՝ նշե­լու տօ­նե­րը խա­ղա­ղու­թեան մէջ», նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016