ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան շաբաթավերջին ունեցան հանդիպում մը Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան նոր շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը։ Նալպանտեան ջերմօրէն ողջունեց Միրզոյեանը եւ ըսաւ, թէ նախարարութեան նոր շէնքէն ներս ան կը հանդիսանայ առաջին պաշտօնական հիւրը, ինչ որ ունի առանձնայատուկ խորհուրդ մը։
Զրոյցի տեւողութեան Նալպանեան եւ Միրզոյեան հանգամանօրէն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարները կանգ առին նաեւ երկու նախարարութիւններու համագործակցութեան եւ դիւանագէտներու վերապատրաստութեան հարցերուն վրայ։