ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՈՐՊԷՍ ՆՈՒՌ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան նա­խաձեռ­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 6-ին պի­տի բա­ցուի ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Մի­մար Սինան» գե­ղա­րուես­տից հա­մալ­սա­րա­նի հո­վանիին տակ գոր­ծող Թոփ­հա­նէի մշա­կոյ­թի եւ գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ պի­տի բացուի այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ խո­րագ­րուած է «Թուրք-հայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ոչ թէ մոռ­նա­լը, այլ յի­շե­լու ժա­մա­նա­կը»։  Օր­լան­տօ Քար­լօ Քա­լոմե­նո­յի քարտ­փոս­տալ­նե­րու ար­խի­ւին հի­ման վրայ պի­տի բա­ցուի այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րու նպա­տակն է լոյս սփռել թուր­քե­րու եւ հա­յե­րու ութ հա­րիւր տա­րուան կեան­քի հա­սա­րա­կաց մշա­կոյ­թին վրայ։ Տե­սո­ղա­կան ճոխ ա­ռար­կա­նե­րու եւ ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղթե­րու զու­գա­հեռ պի­տի ներ­կա­յա­ցուին ըն­տիր քարտ­փոս­տալ­ներ, ո­րոնք վկա­յու­թիւններ կը ցո­լաց­նեն՝ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան բազ­մամ­շա­կոյթ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ինչ­պէս նաեւ Ա­նա­տո­լուի եւ Իս­թան­պու­լի մէջ հա­յոց կեան­քին շուրջ։ Դա­րեր շա­րու­նակ Անա­տո­լուի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ միաս­նա­բար ապ­րած այս եր­կու ժո­ղո­վուր­դի մո­ռացու­թեան մատ­նուած հա­սա­րակաց կեան­քին, ու­րա­խու­թիւն­նե­րուն ու ցա­ւե­րուն հետ­քը կը հե­տապն­դէ այս ցուցա­հան­դէ­սը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պի­տի յի­շեց­նէ թուր­քե­րու եւ հա­յե­րու կող­մէ միաս­նա­բար ապ­րե­լու ժա­մա­նակ ստեղ­ծուած մշա­կոյթն ու ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սի գե­ղարուես­տա­կան ղեկա­վարն է ճար­տա­րա­գէտ Կիւ­զին Էր­քան։ Մին­չեւ Ապ­րի­լի 29-ը բաց պի­տի մնայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րու ծա­նօ­թաց­ման պաս­տա­ռին վրայ կ՚ե­րե­ւին Ա­րա­րատ լե­ռը՝ դի­տուած Հա­յաս­տա­նի կող­մէ եւ ա­նոր լան­ջե­րուն՝ Խոր վի­րա­պը։ Այս ամ­բող­ջին վրայ կար­միր շրջա­նա­կի մը մէջ գրուած է՝ «Որ­պէս նուռ»։ Ցու­ցա­հանդէ­սի բաց­ման շրջագ­ծով նա­խա­տեսուած է նաեւ ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի ու­տա­հար Ա­րա Տինք­ճեա­նի եւ Իս­թան­պու­լի Պե­տա­կան թրքա­կան ե­րաժշ­տու­թեան խում­բին հա­մեր­գը։

Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ շեշ­տուած է, թէ Օր­լան­տօ Քար­լօ Քա­լու­մե­նո­յի հա­ւա­քա­ծո­յէն շուրջ չորս հա­զար քարտ­փոս­տալ­նե­րու շար­քին կա­տա­րուած մաս­նա­ւոր ընտ­րա­նի մը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լունե­րուն։ Այդ ընտ­րա­նին բա­զում յի­շա­տակ­ներ կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ՝ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սերով, ե­կե­ղե­ցի­նե­րով, վան­քե­րով, դպրոց­նե­րով, որ­բա­նոց­նե­րով, հի­ւան­դա­նոց­նե­րով ե­ւայլն։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը շեշ­տեն, թէ դա­րեր շա­րու­նակ այս եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կեան­քի բազ­մա­թիւ բնա­գա­ւառ­ներուն մէջ զի­րար ամ­բող­ջա­ցու­ցած են, ի­րար­մէ սնուած են ու ի­րա­րու շատ մօտ ե­ղած են։

Միայն որ­պէս օ­րի­նակ մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րութեան կցուած քարտ­փոս­տալ­ներն ան­գամ բա­ւա­րար են պատ­կե­րա­ցում մը տա­լու հա­մար այս ցու­ցա­հան­դէ­սի ճո­խու­թեան շուրջ, ո­րովհե­տեւ ա­նոնք կը ներ­կա­յաց­նեն դրուագ­ներ՝ Ա­տա­փա­զա­րէն մին­չեւ Էրզ­րում, Գո­նիա­յէն մին­չեւ Թրապ­զոն, Վա­նէն մին­չեւ Մեր­զի­ֆոն։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2016