ՕՔՍԷՆ ԽԱՉԱՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԷՆ
Շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ պատահած ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած մեր համայնքի երիտասարդներէն Օքսէն Խաչանեան երէկ արդէն դուրս եկաւ Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցէն, ուր դարմանման տակ առնուած էր դէպքէն վերջ։
Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք իր մօր՝ Արաքսի Խաչանեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ որդւոյն վիճակը երէկուան բաղդատմամբ ա՛լ աւելի լաւ է եւ անոր հիւանդանոցէն դուրս գալը բարձրացուցած է բոլորին տրամադրութիւնը։
Ներկայիս Օքսէն Խաչանեանի ձախ ձեռքի երեք մատները չեն զգար։ Բժիշկները մինչեւ շաբաթավերջ պիտի հետեւին կացութեան եւ եթէ ներկայ դարմանումներով կարելի չըլլայ հասնիլ բարելաւումի մը՝ ապա անհրաժեշտ պիտի դառնայ վիրահատութիւն մը։
Մինչ այդ, Օքսէն Խաչանեան վաղը հիւանդանոց պիտի երթայ հերթական քննութեան եւ իր վէրքերու խնամքին համար։
Անգամ մը եւս արագ ապաքինում եւ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Օքսէն Խաչանեանին՝ որպէսզի վերադառնայ իր բնականոն կեանքը։