TTK ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Թուրք պատմութեան հիմնարկը (TTK) կը պատրաստուի հայկական հարցին վերաբերեալ լայնածաւալ հրատարակութիւնով մը հանդէս գալ։ TTK-ի նախագահ Րեֆիք Թուրան յայտարարեց, որ հայկական հարցին շուրջ ձեռնարկած են նոր աշխատանքի մը։ Այսպէս, TTK սկսած է հաւաքել այս նիւթին վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ գրուած ամբողջ յօդուածները։ Այս շրջագծով պիտի հրատարակուին բազմաթիւ հատորներ, որոնք Թուրքիոյ համալսարաններուն եւ գրադարաններուն առընթեր պիտի ուղարկուին նաեւ արտասահմանի գիտական հաստատութիւններուն։
Ըստ Րեֆիք Թուրանի, հայկական հարցին շուրջ ցարդ Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ գրուած բոլոր յօդուածները գիրքի ձեւաչափով պիտի հրատարակուին։ Իր խօսքերով, այդ բոլորը գիտական ճշմարտութիւններ են՝ որոնց պարագային հանրային կարծիքը չի կրնար ունենալ առարկութիւններ։ Թուրան շեշտեց, որ համապատասխան աշխատանքները սկսած են։ «Մենք չենք գրեր ու նպատակ չունինք գրել բան մը, որ յստակ չէ տեղեկութեան եւ փաստերու առումով։ Երբ որ հայ մը կարդայ այս գիրքերը, թէեւ պիտի չախորժի, սակայն պիտի ընդունի, թէ սա ճշմարտութիւն է։ Թուրք պատմութեան հիմնարկին դիրքերը ամուր են տեղեկութիւններու եւ ապացոյցներու առումով», ըսաւ ան։