ԽՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԾԱՒԱԼ

Ե­րէկ, հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խաս­տո­րագ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջեւ հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նուած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս։ Ներ­կայ էր նաեւ նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։ Եր­կու կող­մե­րու ա­ւագ բա­նագ­նաց­նե­րը՝ Կա­րէն Նա­զա­րեան եւ Լիւք Տե­ւին ստո­րագ­րե­ցին փաս­տա­թուղ­թը։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան եւ ԵՄ-ի ար­տա­քին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու եւ­րո­պա­կան ծա­ռա­յու­թեան փոխ-գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Լիւք Տե­ւին պատ­րաս­տուած փաս­տա­թուղ­թին շուրջ գլխա­ւո­րած էին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Բա­ցի ա­նոնց­մէ փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րե­ցին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սա­կան զար­գաց­ման ու ներդ­րում­նե­րու ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Գա­րե­գին Մել­քո­նեան եւ ԵՄ-ի ա­ռեւ­տու­րի հար­ցե­րով բա­նագ­նաց, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­պա­տաս­խան բաժ­նի ղե­կա­վար Փեթ­րոս Սուր­մե­լիս։

Այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կը ընդ­լայ­նե­լու կա­րե­ւոր քայլ մը պի­տի հան­դի­սա­նայ։ Սա պի­տի ամ­րապն­դէ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ ա­մուր հիմք մը պի­տի ստեղ­ծէ ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մար­դու ի­րա­ւանց եւ օ­րէն­քի գե­րա­կա­յու­թեան նկատ­մամբ ա­մուր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը կը գտնուի այս նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի եւ Հա­յաս­տան-ԵՄ հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հիմ­քին։ Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նուած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ա­ւե­լի ա­մուր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ նաեւ այլ շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րու պա­րա­գա­յին. ինչ­պէս՝ ու­ժա­նիւթ, փո­խադ­րու­թիւն, բնա­պահ­պա­նու­թիւն, ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն ներս նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ դիւ­րին շար­ժու­նա­կու­թիւն՝ ի շահ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու։

Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ամ­րապն­դուած են զգա­լիօ­րէն։ Հա­մա­պար­փակ եւ ընդ­լայ­նուած գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիրն ալ կը հան­դի­սա­նայ ա­նոնց հա­մա­տեղ ջան­քե­րուն ար­դիւն­քը։ Այս փաս­տա­թուղ­թը ա՛լ ա­ւե­լի պի­տի խո­րաց­նէ կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ԵՄ-ի հա­րե­ւա­նու­թեան վե­րա­նա­յուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Փաս­տա­թուղ­թը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ ԵՄ-ին եւ Հա­յաս­տա­նին՝ ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հասց­նե­լու ո­րա­կա­պէս նոր, ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի մը։

Ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Ե­րե­ւան մեկ­նած եւ­րո­պա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խոր­դած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ այս փաս­տա­թուղ­թը նոր էջ մը կը բա­նայ Հա­յաս­տա­նի ու ԵՄ-ի, նաեւ ա­նոր ան­դամ եր­կիր­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն գծով։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, հա­մա­ձայ­նա­գի­րը այս տա­րուան ըն­թաց­քին պի­տի ստո­րագ­րուի։ Իր խօս­քե­րով, փաս­տա­թուղ­թը կ՚ար­տա­ցո­լաց­նէ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րու­թիւ­նը, մա­կար­դակն ու ծա­ւա­լը։ Բաց աս­տի, Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ փաս­տա­թուղ­թը վկա­յու­թիւն մըն է՝ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ԵՄ-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նկատ­մամբ ըն­ծա­յուած կա­րե­ւո­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017