ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԲՆԱԿ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱՐ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Երեւանի մէջ այս շրջանին յառաջ կը տարուի «Հայաստանաբնակ կարիքաւոր սուրիահայերու բժշկական աջակցութիւն» խորագրեալ ծրագիր մը, որ ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ այս ծրագրի մեկնարկին եւ համապատասխան համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման արարողութիւնը։
Այս նախագծի գործընկեր կառոյցներն են Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղը, «Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին կարեւորեց սուրիահայերու համար ձեռնարկուած այս հերթական ծրագիրը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն աջակցութեան ծրագրի գործընկեր կազմակերպութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնացուց Իզմիրլեան հիմնադրամի մարդասիրական կեդրոնը, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ պատրաստակամ է օգնել լուծելու համար սուրիահայոց բժշկական խնդիրները եւ անոնց համապատասխան բժշկական խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրելը։ «Մեր շատ սիրելի սուրիահայերուն համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները։ Ցայսօր տարբեր բժշկական հիմնարկներէ ներս աւելի քան 5 հազար սուրիահայ անվճար բազմաբուժարանային ծառայութիւններ եւ բժշկական օգնութիւն ստացած է։ Յատուկ շնորհակալութիւն բժիշկներուն՝ իրենց ամենօրեայ աշխատանքի հոգատարութեան համար», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։
Այս ծրագրի սկիզբին առթիւ ներկաները ողջունեց եւ գործընկեր կառոյցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս Իզմիրլեան հիմնադրամի տնօրէն Լուսինէ Գալաճեան։ Իր կարգին, Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանն ալ նշեց. «Այսօր հաւաքուած ենք՝ կեանքի կոչելու համար ծրագիր մը, որու իրականացումը մեր սրբազան պարտքն է որպէս հայ, որպէս աշխարհի քաղաքացի։ Որպէս բժիշկ՝ խոր երախտագիտութիւն կը յայտնեմ բոլոր գործընկեր կառոյցներուն, որոնք նախաձեռնեցին, կազմակերպեցին ու յաջողեցան կեանքի կոչել այս ծրագիրը»։
Աւելի վերջ համագործակցութեան յուշագիրը ստորագրեցին Լուսինէ Գալաճեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան, Փրոֆ. Արմէն Չարչեան, ՀԲԸՄ-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի Դալար Գազանճեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան եւ «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան փոխ-նախագահ Ծովիկ Պայթարեան։
«Հայաստանաբնակ սուիրահայերու բժշկական աջակցութիւն» ծրագրի նպատակն է անվճար բժշկական օգնութիւն տրամադրել 2012 թուականէն ի վեր Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով Հայաստանէ ներս կարիքաւոր սուրիահայերուն։ Ծրագիրը միասնաբար կը գանձատրեն Իզմիրլեան հիմնադրամը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Նախագիծը կեանքի կը կոչէ Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնը՝ շահառուներուն տրամադրելով յատուկ զեղչեր կեդրոնէն ներս մատուցուող բժշկական բոլոր ծառայութիւններու պարագային։