ՀԳՄ-Ի Վարչութեան Կոչը. «Գրականութիւնը Ազգի Ոգին է»
Հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու միասնութեան ապահովման գործին մէջ դարերէ ի վեր անփոխարինելի եղած է մշակոյթի ու գրականութեան դերը: Բազմիցս ատիկա տեսանելիօրէն ապացուցուած է ու հաստատուած: Բայց ակնյայտ է եւ դառն այն իրողութիւնը, որ հայ գրականութիւնը գրեթէ մշտապէս դժուարութիւններ կրած է, գրողը չէ կրցած լիովին նուիրուիլ ստեղծագործական աշխատանքին ու լիարժէք դրսեւորել իր տաղանդը: Ըսել է, թէ՝ գրականութիւնը միշտ ալ զգացած է օգնութեան ու օժանդակութեան կարիք:
Այս մտահոգութիւնը, հաւանաբար, կ՚ուղեկցի փոքրաթիւ բոլոր ազգերուն, քանզի փոքր է ընթերցողական լսարանը, սահմանափակ՝ գիրքի շուկան: Դեռ հեռաւոր 1911 թուականին Յովհաննէս Թումանեանը դառնութեամբ, բայց նաեւ հասարակութեան, մեծահարուստներու ուշադրութիւնը գրաւելու ակնկալիքով կը գրէր-կը յիշեցնէր. «Փոքր ազգերու մէջ գրականութիւնը միշտ ալ կը պահուի անհատի, հասարակութեան եւ պետութեան արտաքին միջամտութեամբ ու օժանդակութեամբ»: Նման օժանդակութիւն թէ՛ Թումանեանի ժամանակ, թէ՛ հետագային բարեբախտաբար, այս կամ այն չափով եղած է. մենք այսօր սիրով ու խոնարհումով կը յիշենք մշակոյթի ու գրականութեան հանդէպ առանձնայատուկ հոգածութիւն դրսեւորած մեծ բարերարներ Ալեքսանդր Մանթաշեանցը, Գալուստ Կիւլպէնկեանը, Ալեք Մանուկեանը, առանց որոնց ազգանուէր պահուածքին՝ հաւանաբար այսօր չէինք ունենար հայ դասական գրականութեան մնայուն շարք մը արժէքներ: Անշուշտ, արժանին կը մատուցանենք նաեւ մեր ժամանակներու մեկենասներ, գրականութեան ու մշակոյթի իսկական բարեկամներ Քըրք Քըրքորեանին, Վահագն Յովնանեանին, Սամուէլ Կարապետեանին, Լուիզ-Սիմոն Մանուկեանին, Արա Աբրահամեանին, Օքրօ Օքրոյեանին, Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեաններուն եւ ուրիշներու:
Աւաղ, մեր օրերուն ալ, յատկապէս յետխորհրդային տարիներուն բերած հասարակական, ընկերային-տնտեսական, բարոյա-հոգեբանական կտրուկ փոփոխութիւններով պայմանաւորուած, հայ գրողն ու գրականութիւնը դարձեալ յայտնուեցան լուրջ դժուարութիւններու մէջ, եւ ժամանակին թելադրանքով էր, որ ստեղծուեցաւ «Համահայկական գրական հիմնադրամը»: Անցած տասն տարիներու ընթացքին անիկա, յատկապէս հեռուստամարաթոններու միջոցով հանգանակուած գումարներով (2003, 2007, 2011թթ.) կրցած է նպաստել Երեւանի համայնքներու եւ մարզերու գրական կեանքի աշխուժացման, գրական մամուլի կայունացման, որոշ չափով օժանդակած գրողներու ընկերային հարցերու լուծման (հիմնադրամի ծախսերուն, յատկացումներուն հաշուետուութիւնը պարբերաբար տպագրուած է «Գրական թերթ»ին մէջ):
Եւ, ահա, տեւական ընդմիջումէ ետք, հիմնադրամը, անհրաժեշտութեան թելադրանքով, նոր մարաթոն նախաձեռնած է, որ պիտի հեռարձակուի Հ2 հեռուստատեսութեամբ ս/թ Մարտ 21-ին: Շնորհակալութեամբ յիշելով նախորդ հանգանակութիւններուն ժամանակ սրտացաւ վերաբերմունք դրսեւորած բոլո՜ր նուիրատուները, անկախ գումարի չափէն, այս անգամ եւս նոյնպիսի աշխուժութիւն կ՚ակնկալենք անհատներէ, գործարարներէ, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններէ, հասարակական եւ այլ կազմակերպութիւններէ: Անհրաժեշտ միջոցներու առկայութեան պարագային՝ գրական մեր կազմակերպութիւնը գեղեցիկ ու հեռագնայ շարք մը ծրագրեր ունի իրականացնելու թէ՛ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գրական կապերու ամրապնդման, թէ՛ թարգմանական գրականութեան խթանման ու գրահրատարակչական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Հեռուստամարաթոնի ամենաաշխոյժ մասնակիցներուն պիտի շնորհուի «Գրական բարերար» վկայագիր, զգալի գումար փոխանցողներուն անունները տեղ պիտի գտնեն Գրողներու միութեան շէնքի «պատուոյ բարերար» վահանակին վրայ:
«Անպատճա՛ռ պէտք է ըլլայ այդ համազգային հոգացողութիւնը,- եթէ ճշմարիտ է, որ ամբոխներն ու ժողովուրդները գրականութեամբ ազգ կը դառնան ու կը մտնեն մշակուած ազգերու շարքը, եթէ գրականութիւնը ազգի հոգին է, եթէ անոր փառքն ու պարծանքն է, ինչպէս յայտնի է լուսաւոր աշխարհներու մէջ ամէն օր»:
Ասոնք եւս ամենայն հայոց բանաստեղծի խօսքերն են, սիրելի բարեկամներ: Անսանք մեծն Թումանեանի՝ ժամանակի միջով մեզ ուղղուած յորդորին եւ իւրաքանչիւրս մեր հնարաւորութեան չափով սատար ըլլանք հայ գրականութեան՝ ի շահ ազգային մեր ոգիի ամրացման ու ինքնութեան պահպանման:
Հայ ժողովուրդի ինքնութեան եւ միասնութեան հիմքին դարերէ ի վեր դրուած է մշակոյթի ու գրականութեան հիմնաքարը։
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը Հ2 հեռուստաալիքով այս տարուանի Մարտի 21-ին կը կազմակերպէ հեռուստամարաթոն «Գրականութիւնը ազգի ոգին է» նշանաբանով։ Մարաթոնի արդիւնքին հաւաքուած գումարը Հայաստանի Գրողներու միութեան (ՀԳՄ) «Համահայկական գրական հիմնադրամը» կ՚ուղղէ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գրական ծրագրերու իրագործման, գրողներու ստեղծագործութիւններու հրատարակման։
Կ՚ակնկալենք ձեր օժանդակութիւնը Համահայկական գրական հիմնադրամին։
Յ. Գ.- ՀԳՄ նախագահութեան որոշմամբ, հեռուստամարաթոնի լաւագոյն մասնակիցներուն կը շնորհուի «Գրական բարերար» վկայականը, իսկ զգալի գումար փոխանցողներու անունները տեղ կը գտնեն մեր շէնքի «Պատուոյ բարերար» վահանակի վրայ։
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ՝
ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻԼԻՏՈՆԵԱՆ