ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժի­նը հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով յա­ռաջ կը տա­նի իր այն ծրագ­րե­րը, ո­րոնք կը հե­տապն­դեն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման նպա­տա­կը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ յա­ռա­ջի­կայ ա­մառ դար­ձեալ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի «Ո­ւի­քի ճամ­բար»ը։ Հիւ­րըն­կալ եր­կի­րը պի­տի ըլ­լայ Ֆրան­սան։ Սա Սփիւռ­քէ ներս իր տե­սա­կին մէջ եր­րորդ ճամ­բա­րը պի­տի ըլ­լայ։ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժի­նը այս կա­պակ­ցու­թեամբ հրա­պա­րա­կած է մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ուր կը մատ­նանշուին շարք մը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, ճամ­բա­րը պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի Լա Պուր­պուլ (La Bourboule) գիւ­ղա­քա­ղա­քի «Gîte François et Suzon» ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­յա­նի մը սահ­ման­նե­րէն ներս, Օ­գոս­տոս 12-էն մին­չեւ Օ­գոս­տոս 20-ը։ Ու­թը օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, մաս­նա­կից­նե­րը ո՛չ միայն  զի­րենք հե­տաքրք­րող նիւ­թե­րու շուրջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն յօ­դո­ւած­ներ գրե­լու ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նան, այ­լեւ բազ­մա­թիւ բա­ցօ­թեայ մար­զա­խա­ղե­րու պի­տի մաս­նակ­ցին։ Ա­ռա­ւել եւս՝ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յէն եւ Եւ­րո­պա­յի չորս ծա­գե­րէն ժա­մա­նած նոր բա­րե­կամ­նե­րու պի­տի հան­դի­պին եւ յի­շա­տա­կե­լի շա­բաթ մը պի­տի անց­ը­նեն միաս­նա­բար։

Նա­խան­ցեալ տա­րի՝ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նար­կու­թեան Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը եւ «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը միաս­նա­բար սկսան Սփիւռ­քի մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր» ձեռ­նար­կը։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ա­ռա­ջին «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2015-ի Օ­գոս­տոս 3-էն մին­չեւ Օ­գոս­տոս 12-ը, Պէյ­րու­թի մէջ, ա­ւե­լի քան վաթ­սուն մաս­նա­կից­նե­րով (ա­շա­կերտ­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ եւ տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան մաս­նա­գէտ­ներ)։­ Իսկ երկ­րորդ «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2016-ի Օ­գոս­տոս 17-էն մին­չեւ Օ­գոս­տոս 26-ը, Քա­տա­վա­լի (Լիզ­պոն) մէջ, ա­ւե­լի քան 58 մաս­նա­կից­նե­րով (ա­շա­կերտ­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ)։ ­Ճամ­բա­րի ըն­թաց­քին, ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ի­րենց կա­րո­ղու­թիւնն ու ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը զար­գաց­նե­լու թէ՛ «Ո­ւի­քի­փե­տիա»­յի յօ­դո­ւած­ներ գրե­լով ու խմբագ­րե­լով եւ թէ՛ ա­րեւմ­տեան լե­զու­նե­րէ յօ­դո­ւած­ներ թարգ­մա­նե­լով։ 2015-ի սկիզ­բը, «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն­ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն 650 յօ­դո­ւած ու­նէր։ Տա­րի մը ետք՝ 2016-ի սկիզ­բը, այդ թի­ւը բարձ­րա­ցած էր 3546-ի։ Իսկ 2017-ի սկիզ­բը, այդ թի­ւը բարձ­րա­ցած է 5565-ի։ Այս նկա­տե­լի ա­ճու­մին գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը պա­տա­նի­նե­րու հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ը ե­ղաւ, որ բո­րո­րին հա­մար հա­ճե­լի, խան­դա­վառ եւ աշ­խա­տու­նակ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեց։

Ֆրան­սա­յի ճամ­բա­րը ուղ­ղո­ւած է 16-էն 25 տա­րե­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու։ Հե­տաքրք­րո­ւող ան­ձե­րը պէտք է «Ո­ւի­քի ճամ­բար Ֆրան­սա» հար­ցա­թեր­թի­կը ամ­բող­ջաց­նեն եւ ներ­կա­յաց­նեն մին­չեւ Ապ­րիլ 10-ը։ Տ­­րա­մադ­րե­լի տե­ղե­րու թի­ւը սահ­մա­նա­փակ է եւ կ՚ակ­նա­լենք, որ շատ դի­մող­ներ պի­տի ըլ­լան։

Ֆրան­սա­յի «Ո­ւի­քի ճամ­բա­ր­»ին մա­սին յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լու եւ «Ո­ւի­քի ճամ­բար 2016» տե­սե­րի­զը դի­տե­լու հա­մար, հա­ճե­ցէք այ­ցե­լել https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայ­քէ­ջը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017