ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ապու Տապի, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-վարչապետ ու նախագահական հարցերով նախարար Շէյխ Մանսուր Պին Զաիտ Էլ Նահեանի հետ։ Այս վերջինը Ապու Տապիի օդակայանին մէջ ալ պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց Սերժ Սարգսեանը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութենէն վերջ Սարգսեան եւ Էլ Նահեան ունեցան հանդիպում մը։ Տեսակցութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարեկամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն՝ իր նախորդ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ, կարճ ժամանակի ընթացքին Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւններուն նուիրուած համաժողովի մը կազմակերպման համար։ Սարգսեան համոզուած է, որ համաժողովի արդիւնքները, ինչպէս Էլ Նահեանի հետ ձեռք բերուելիք պայմանաւորուածութիւնները, պիտի ունենան իրենց լուրջ ներդրումն ու դերակատարութիւնը՝ Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովին վերաբերեալ հանգամանալից զրոյց մըն ալ ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տնտեսական նախարար Սուլթան Էլ Մանսուրի հետ։