ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԵՐԿԱՐ ԳԱԹԱՆ

Երեւանի մէջ երէկ պատրաստեցին, ցուցադրեցին ու համտեսեցին աշխարհի ամենաերկար գաթան:

Տարբեր չիրերով համեմուած թխուածքը ունէր  4 մեթր երկարութիւն եւ 40 սմ. լայնութիւն: Անիկա պատրաստելու համար աշխատանք տարած է շուրջ երեսուն հոգի:

Իւրայատուկ բաղադրատոմսով պատրաստուած գաթայի համտես-հիւրասիրութեան մասնակցած են բազմաթիւ երեւանցիներ: Անիկա  նախաձեռնած էր «Պանդոկ Երեւան»ը, որ կը նշէր Տէրեան փողոցի իր մասնաճիւղին չորսամեակը:

Գաթան հայ աւանդական խոհանոցին մէջ շատ տարածուած ու սիրուած աղանդեր է: Հինէն ի վեր անիկա կը զարդարէ տօնական գրեթէ բոլոր սեղաններն ու յաջողութիւն եւ երջանկութիւն կը խորհրդանշէ: Գաթան կը պատրաստէին առաւելապէս տօնական կամ ծիսական առիթներով՝ Նոր տարի, Բարեկենդան, Տէրնդէզ, հարսանեկան ծիսակատարութիւններու, հիւրասիրութիւններու, տօնական այցելութիւններու ժամանակ: Տարբեր շրջաններու մէջ ընդունուած էին գաթայի պատրաստման տարբեր եղանակներ՝ կլոր, եռանկիւնի, քառակուսի, լուսնաձեւ, տարբեր չափերով:

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018