ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Իտալահայ նկարչուհի, քանդակագործ Նուարդ Զարեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած է 18 քանդակ, Մինաս Աւետիսեանի վրձինին պատկանող Կոստան Զարեանի դիմանկարը, 11 գեղարուեստական աշխատանք, որոնցմէ տասն հատը տրամադրուած է Նուարդ Զարեանի եղբօրորդւոյն՝ Արա Զարեանի կողմէ։ Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, հոլովակով ներկայացուեցաւ նաեւ նկարչուհիի մասին պատմող հարուստ արխիւային նիւթ։

«Որոշեցինք Նուարդ Զարեանի 100-ամեակը նշել հետաքրքրական, գողտրիկ ցուցահանդէսով մը, ուր կրնաք տեսնել նաեւ անոր կրաֆիքական աշխատանքները։ Անոնք այնքան լաւն են, որ կը մտածես առաջին հերթին այդ գործերը դիտել, թէ՞ քանդակները։ Շատ կը փափաքիմ, որ այդ ստեղծագործութիւնները համալրեն պատկերասրահի հաւաքածոն», «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նշեց Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան։

Ցուցահանդէսի համադրող Անահիտ Մարգարեանի խօսքով՝ ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ գարնան, քանի որ, ինչպէս ըսած է իտալացի արուեստագէտներէն մէկը, Նուարդ Զարեան գեղեցկագոյն անուն, Նուարդ, նոր վարդ, գարնանային վարդ, որ կը քալէ իր հնագոյն ժողովուրդի ժառանգած ճանապարհով։

«Նուարդ Զարեան աշխատած է տարբեր նիւթերով՝ քար, կրափոշի, պեթոն, երկաթ. անոնց կտորտանքներէն ստացած կանանց ֆիկիւրներ։ Իտալացի քըն-նադատներէն մէկը ըսած է, որ ան կնոջ դժուարին ճակատագրի երգիչ եղած է, կին, որ արժանապատուութեամբ տարած է այդ մէկը», ընդգծեց Անահիտ Մարգարեան։

Արա Զարեան խոստովանեցաւ, որ բախտը չէ ունեցած յաճախ առընչուիլ Նուարդ Զարեանի հետ։ «Երբեմն ընտանիքներով կը հաւաքուէինք Եւրոպայի մէջ, յետոյ հայրս որոշեց վերահաստատուիլ Հայաստան, անկէ յետոյ երկու անգամ տեսած եմ զայն, երբ եկած է Հայաստան եւ ցուցահանդէս ունեցած է այստեղ», նշեց Զարեան։

Իտալիոյ մէջ լայն ճանաչում գտած քանդակագործ Նուարդ Զարեան (1917-2005) ծնած է Ֆլորանսայի մէջ, հայ մեծանուն գրող Կոստան Զարեանի եւ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանի ընտանիքին մէջ։ Վաղ մանկութեան տարիներուն կարճ ժամանակով ապրած է Հայաստանի մէջ։ Երկար տարիներ բնակած է Իտալիոյ մէջ։ Նուարդ Զարեան մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Միլանոյի, Վենետիկի եւ Հռոմի Գեղարուեստի ակադեմիաներուն մէջ, ուսանած է նշանաւոր քանդակագործներ Վիլթտին եւ Ձանելիին մականին ներքեւ։ Արուեստագէտի բազմաթիւ գործերը կը պահուին զանազան երկիրներու թանգարաններուն եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ։ Իտալացի յայտնի արուեստաբան Մարչելլօ Վենթուրոլի  Նուարդ Զարեանի մասին գրած է. «Իսկապէս, անշունչ զանգուածն ու ռիթմիք գործերը, կշիռն ու լոյսը, կերպընկալական համադրումն ու գծային վերլուծութիւնը, ինչպէս նաեւ կրաֆիքը միահիւսուած են եզակի հաւասարակշռութեամբ, ինչ որ կը վկայէ թեքնիսիզմի եւ ձեւական միջոցներու բացակայութեան մասին։ Նուարդ Զարեան ունի ինքնուրոյն լեզու, նիւթի եւ չափերու խոր ըմբռնում»։

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018