ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԹՐԱՄՓ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԶՐՈՒՑԵՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր հեռախօսազրոյց մը կ՚ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ տեղեկացուց, որ երկու ղեկավարներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ խօսակցութիւն մը։

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն բերումով այս շրջանին վերստին լարուածութիւն յառաջացած է Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ։ Էրտողան վերջին օրերուն բաւական ծանր ոճով արտայայտուած էր ԱՄՆ-ի դէմ։ Այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ տեղի կ՚ունենայ Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցը։

Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Իւմիտ Եալչընի այցելութիւնը՝ դէպի Ուաշինկթըն։

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018