ՀՐԱՅՐ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ ընտրելու համար երկրի Սահմանադրական ատեանի նոր նախագահը։ Քուէարկութեան արդիւնքին Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ ընտրուեցաւ Հրայր Թովմասեան։ Այս վերջինը նախապէս վարած է Արդարադատութեան նախարարի պաշտօն։

Հրայր Թովմասեան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Գագիկ Յարութիւնեանին, որ եղած է երկրի Սահմանադրական ատեանի առաջին նախագահը եւ շուրջ երկու տասնամեակ զբաղեցուցած՝ այդ պաշտօնը։

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018