ՆԱԹՕ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՎՐԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Վրաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դաշինքի ընդհանուր քարտուղարը Թիֆլիզ պիտի ժամանէ երկուշաբթի՝ մարտի 25-ին։

«Այս այցելութիւնը հերթական անգամ կը վերահաստատէ, որ Վրաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի յարաբերութիւնները նախապէս երբեք այսքան բարձր մակարդակի վրայ չեն եղած», այցելութեան ընդառաջ տեղեկացուց Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէ։

Եէնս Սթոլթենպերկ ներկայ կը գտնուի ՆԱԹՕ-Վրաստան ռազմափորձերուն, որոնք ընթացքի մէջ են ներկայ շաբթուան սկիզբէն ի վեր։ Զօրավարժութիւնները պիտի եզրափակուին 29 մարտին։

Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ ձօնուած էր հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեայ յոբելեանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս համերգը կազմակերպուած էր «Մանսուրեանը Չարենցի հետ» խորագրով։

Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը այս առթիւ հանդէս եկաւ՝ գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի մականին ներքեւ։ Համերգին ներկայ էր նաեւ յոբելեարը՝ Տիգրան Մանսուրեան։

Հարկ է նշել, որ Տիգրան Մանսուրեանի յոբելեանին ձօնուած երեկոյթ մը եւս նախատեսուած է յառաջիկայ երեքշաբթի՝ մարտի 26-ին։ Այդ համերգն ալ տեղի պիտի ունենայ «Տիգրան Մանսուրեանը Իսահակեանի հետ» խորագրին ներքեւ։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019