ՓԵԹԷՐ ԷՐԻՔՍՈՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Շուէտի Միջազգային զարգացման ու համագործակցութեան նախարար Փեթէր Էրիքսոնի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը արժեւորեցին երկու երկիրներու քաղաքական երկխօսութեան թափը ու վերահաստատեցին փոխադարձ յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համար փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափի մէջ։ Նախարարները մասնաւորապէս կարեւորեցին բարձր մակարդակի շփումներու եւ փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը։ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իր առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասէ բարձր փորձագիտութիւններու եւ նորարարութեան հիման վրայ տնտեսական յեղափոխութեան մը հասնելու տեսակէտէ նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը։ Ան շուէտացի նախարարին ներկայացուց, որ այս տարուայ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած է Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովը։ Անդրադառնալով նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ Մնացականեան յոյս յայտնեց, թէ Շուէտ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ այս համաժողովին։

Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան նաեւ բնապահպանութեան, այլընտրանքային ուժանիւթի ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։

Մնացականեան եւ Էրիքսոն կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան շուրջ։ Այս ամբողջին շուրջ Մնացականեան ընդգծեց, որ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան  10-ամեայ յոբելեանը լաւ առիթ մըն է անդրադառնալու համար արձանագրուած ձեռքբերումներուն եւ ուրուագծելու համատեղ աշխատանքի հեռանկարները առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդութեան եւ նորարարութեան նկատմամբ։

Զրուցակցի խնդրանքին ընդառաջ՝ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս Հայաստանի մօտեցումներն ու սկզբունքային դիրքորոշումը։

Միւս կողմէ, Փեթէր Էրիքսոն երէկ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019