7-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Ավինեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Համահայկական 7-րդ խաղերու կազմակերպչական յանձնախումբի նիստը։ Հարկ է նշել, որ Համահայկական 7-րդ խաղերը նախատեսուած են 7-17 օգոստոսին։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպչական զանազան աշխատանքներ։ Հարկ է նշել, որ այս տարի կը լրանայ Համահայկական խաղերու կազմակերպման 20-ամեակը, ուստի սա կը համարուի յոբելենական փուլ մը։ Կ՚ակնկալուի մարզիկներու աննախադէպ մասնակցութիւն եւ սկզբնական դիմումներու քանակն ալ ապացոյց մը կը համարուի այս ուղղութեամբ։ Այս տարուան խաղերու ծրագրերուն մէջ ընդգրկուած են 17 մարզաձեւեր։

Համահայկական 7-րդ խաղերու բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2019