ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յղուած «խաղաղութեան 5 առաջարկներու» թղթածրարի կէտերը հետեւեալներն են.

•Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:

•Պետութիւններու՝ իրար նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում:

•Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրար անվտանգութեան սպառնալէ, քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներ ու ուժ կիրարկելէ եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն անհամապատասխան քայլերէ:

•Հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծում եւ սահմանազատում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:

•Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացում, այլ համապատասխան հաղորդակցութիւններու հաստատում եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւն:

Այս կէտերէն 4-ը կը վերաբերին ուղղակի Արցախին: Ներառուած են տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման, տարածքային պահանջներ չներկայացելու իրաւական յանձնառութեան հիմնադրոյթ-ներ: Սահմանազատում-սահմանագծումը այդ երկու առաջադրանքներուն տանող իրաւական ճանապարհն է, որ նաեւ միջազգայնօրէն կ՚ամրագրէ ընդհանուր սահմանները: 4-րդ կէտը, ըստ էութեան, նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին վերաբանաձեւումն է: Այստեղ պարզապէս Պաքուն չէ օգտագործած «Զանգեզուրեան միջանցք» ձեւակերպումը:

Ատրպէյճանական առաւելապաշտութիւնը՝ Սիւնիքը, Սեւանը, Երեւանը ի՛րը համարելու, երկրորդ կէտով երեւութապէս կը վնասազերծուի: Այդ պահանջները նման փուլին օգտագործելու թեմա են եւ խաղաթուղթ: Հայկական կողմը կը հրաժարի Արցախի պահանջէն, փոխարէնը Պաքուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու իր պահանջներէն:

Ի՞նչ է հայկական կողմին պատասխանը:

•Հայկական կողմը կը նկատէ, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի 11 յունուար 2021-ի եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ամրագրուած համաձայնութիւնները պէտք է լիարժէք կեանքի կոչուին, եւ հետեւողականութիւնը պահպանուի:

•Իրականացնել զօրքերու հայելային յետքաշումը

•Մեկնարկել միջազգային մշտադիտարկումի գործիքակազմի ներդրումով սահմանազատման գործընթացը:

•Դիմել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նախագահութեան՝ կազմակերպելու խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններ՝ հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրը եւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը:

Հայկական կողմի պատասխանին մէջ չեն մասնաւորուած ռազմագերիներու, պահուող անձերու եւ աճիւններու վերադարձի նոյեմբերեան համաձայնութեան կարեւոր դրոյթը, նաեւ՝ տուժածներու եւ գաղթականներու վերադարձի յատուկ կէտը: Երկուքն ալ ներառուած են անուղղակի՝ եռակողմ յայտարարութիւններու պայմանաւորուածութեան ծիրին մէջ:

Անթալիոյ հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը խօսէր բանակցութիւններուն երրորդ կողմը բացառելու եւ ուղղակի երկկողմ քննարկումներ ծաւալելու առաջադրանքին մասին՝ յիշեցնելով, որ իրենք պատրաստ են աջակցելու, եթէ անհրաժեշտութիւնը զգացուի:

Հայկական կողմի պատասխանը կը յենի եռակողմ յայտարարութիւններուն եւ համաձայնութիւններուն վրայ: Այսինքն՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ արձանագրուող գործընթացին: Աւելի՛ն. կը դիմէ անդամալուծուած-սառեցուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան, վերստանձնելու միջազգային իր պարտաւորութիւնները:

Ներկայ պայմաններուն մէջ անկարելի կը թուի պատկերացնելը Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի համագործակցական ձեւաչափին գործարկումը: Քաղաքական իրավիճակներու կտրուկ փոփոխութիւնները սակայն չեն բացառեր պաշտօնական Երեւանի առաջադրած միջնորդական առաքելութեան վերադարձի կարելիութիւնը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022