ՆԱՐԻՆԷ ՆԱԶԱՐԵԱՆ «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ի ՏՆՕՐԷՆ

Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութեան՝ «Արմէնփրէս»ի տնօրէն նշանակուեցաւ Նարինէ Նազարեան։ Հարկ է նշել, որ գործակալութիւնը ունի փակ բաժնետիրական ընկերութեան կարգավիճակ։ Տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար կատարուած է մրցոյթ, որ տեղի ունեցած է 15 մարտին։ Մրցոյթի յանձնաժողովի որոշման ու եզրակացութեան հիման վրայ Նարինէ Նազարեան ճանչցուած է յաղթող եւ այսպէսով իրեն վստահուած՝ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէնի պաշտօնը։ Ան այս առաքելութեան մէջ կը յաջորդէ Արամ Անանեանին, որ երկար տարիներ գործակալութիւնը ղեկավարելէ վերջ՝ քանի մը ամիս առաջ պաշտօնէն հեռացած է՝ անցնելով ուրիշ ոլորտի մը։

Նորանշանակ տնօրէնուհի Նարինէ Նազարեան մասնագիտութեամբ հոգեբան է։ Շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր աշխատանք կը տանի զանգուածային լրատուութեան ոլորտէ ներս։ Այդ ժամանակաշրջանի գերակշիռ բաժինը անցուցած է «Արմէնփրէս»է ներս։ Գործակալութեան արդի ձեռքբերումներուն մէջ ունեցած է անանտեսելի դերակատարութիւն՝ մանաւանդ, որ աւելի քան եօթ տարի զբաղեցուցած է գործակալութեան փոխ-տնօրէնի պաշտօնը։ 2011-2021 թուականներուն ալ եղած է «Արմէնփրէս»ի գլխաւոր խմբագիրը։

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը հիմնուած է 1918 թուականին։ Ներկայիս վեց լեզուով թողարկումներ կը կատարէ։ Նոյն կառոյցէն ներս կը գործեն «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթն ու «Ռեսփուպլիքա Արմենիա» ռուսալեզու թերթը։ Նարինէ Նազարեան գործակալութեան 103-ամեայ պատմութեան մէջ տնօրէնի պաշտօնին կոչուած իգական սեռէ առաջին դէմքն է։

Այս առթիւ ջերմօրէն կ՚ողջունենք Նարինէ Նազարեանի նշանակումը՝ համոզուած ըլլալով, թէ ան անպայման կ՚արդարացնէ այդ առաքելութիւնը։ Նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքով կը շնորհաւորենք մեր պաշտօնակիցը, որու հետ ունինք համագործակցութեան՝ արդէն ձեւաւորուած նախընթացներ։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022