ՏԱԳՆԱՊԻ ՀՐԱՏԱՊ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կ՚ընթանայ մարդկային ծանրածանր հետեւանքներով։ Միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ հրատապ օրակարգը բնորոշել կը շարունակէ այս խնդիրը։ Կը հաղորդուի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս վաղը ծրագրուած է այս տագնապալի իրավիճակին վերաբերեալ յատուկ նստաշրջանի վերսկսումը։ Շրջանառութեան մէջ մտած է նախագիծ մը, որով կը նախատեսուի Ռուսաստանին կոչ ուղղել՝ որպէսզի անյապաղ դադրեցնէ թշնամական գործողութիւնները Ուքրայնայի դէմ։ Նոյն նախագիծը նաեւ կը բովանդակէ պահանջներ՝ ապահովելու համար քաղաքացիական անձերու եւ ենթակառուցուածքի, բժիշկներու եւ լրագրողներու պաշտպանութիւնը, մարտական գործողութիւններու գօտիէն հեռանալու հնարաւորութիւնը, մարդասիրական կազմակերպութիւններու անձնակազմի՝ կարիքաւորներուն հասնելու հնարաւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, այդ փաստաթուղթը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կոչ կ՚ուղղէ՝ գանձատրել Ուքրայնայի ի նպաստ մարդասիրական օժանդակութիւնները եւ շարունակելու մատակարարումները։

Բաց աստի, 24 մարտին ալ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որու ընթացքին եւս պիտի քննարկուի Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս գագաթաժողովի ընդառաջ հանդէս եկաւ զգուշացումներով։ Այսպէս, Մոսկուա կը պահանջէ, որ երրորդ երկիրներ միջամուխ չդառնան առկայ տագնապին։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, այժմ արդէն յայտնի է, որ Ռուսաստանի ծրագիրները չեն արդարացած՝ Ուքրայնայէ ներս արագ յառաջանալու ուղղութեամբ։ Արեւմուտքէն վերլուծաբաններ կը մատնանշեն, որ դիմադրութիւնը բաւական ազդու եղած է՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Քիեւի պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Ռուսական կողմը այժմ կը հետեւի այլընտրանքային ծրագրի մը, որու հիմնական առաջնահերթութիւնն է Խրիմն ու Ռուսաստանը ցամաքէն իրարու կապել։ Այդ է պատճառը, որ Մարիուփոլի վրայ կը խտանան ռուսական բանակի յարձակումները։ Յամենայնդէպս, այդ քաղաքէն ներս ալ խնդրոյ առարկայ է սաստիկ դիմադրութիւն մը։

Ռուսաստանի մեկուսացման ուղղեալ միջազգային բեմահարթակի իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններու մթնոլորտին մէջ, Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ալ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւններով։ Մոսկուա-Քիեւ առցանց բանակցութիւններու երէկուան փուլին զուգահեռ՝ ան յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ փոխզիջումային համաձայնութիւնները Ուքրայնայէ ներս պէտք է հանրաքուէի ներկայացուին։ Զելենսքի յայտնեց նաեւ, որ պատրաստ է քննարկել Տոնպասի եւ Խրիմի ճանաչման հարցը՝ եթէ Ուքրայնա ստանայ անվտանգութեան երաշխիքներ։ Զելենսքի նշեց, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ առաջին իսկ հանդիպման ժամանակ ինք պատրաստ է այդ խնդիրները շօշափել։ Այդ հարցերը այժմէական են ու իրենց տեսակէտէ կարեւոր։ «Բայց վստահ եմ, թէ այդ հանդիպման ժամանակ այս որոշումը չ՚ընդունուիր։ Անկեղծ ըսած, անվտանգութեան երաշխիքներու հարցին մէջ կը խօսինք սահմանադրական փոփոխութիւններու, Ուքրայնայի օրէնսդրական փոփոխութիւններու մասին։ Եւ եթէ այս մասին կը խօսինք, ապա այնպէս պիտի ըլլայ, որ որոշողը ո՛չ միայն նախագահն է, այլեւ՝ խորհրդարանն ու Ուքրայնայի ժողովուրդը», ըսաւ Զելենսքի։

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022