ՅԵՏԱՁԳՄԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՈՐՈՇՈՒՄ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն որոշեց յետաձգել իր տարածքաշրջանային այցելութիւնը դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ծանօթ է, որ ան պիտի այցելէր Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան եւ յառաջիկայ Երկուշաբթի նախատեսուած էին իր միօրեայ շփումները Երեւանի մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարին բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, որ պարզապէս աւելի հրատապ գործերու պատճառով յետաձգուած է Պան Քի Մունի այցը եւ ան պէտք է ներկայ գտնուի ուրիշ տեղ մը։ Բանբերին խօսքերով, տարածքաշրջանային այս յետաձգեալ այցելութիւնը շատ փափաքելի էր Պան Քի Մունին տեսակէտէ։
Տիւժարիք աւելցուց, որ ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն պիտի այցելէ տարածքաշրջան, բայց ժամկէտներուն մասին տակաւին ոչինչ յայտնի է։