ՆԱԹՕ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ ա­ւար­տեց Ան­գա­րա­յի իր շփում­նե­րը, ո­րոնց շրջագ­ծով տե­սակ­ցե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի հետ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թին, մինչ այ­սօր ալ կ՚այ­ցե­լէ Չեշ­մէ՝ Եգէա­կա­նի մէջ գաղ­թա­կա­նաց անց­քին դէմ սկսած ՆԱԹՕ-ի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լու հա­մար։

Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ նշեց, թէ Ան­գա­րա­յի մէջ իր երկ­խօս­նե­րը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րած են Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ թռիչք­նե­րու հա­մար ար­գի­լեալ գօ­տի մը ստեղ­ծե­լու պա­հան­ջը։ Ան ընդգ­ծեց, որ ՆԱ­ԹՕ ուղ­ղա­կիօ­րէն մի­ջա­մուխ չէ այս հար­ցին։ Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիա վա­ղուց կը պա­հան­ջէ Սու­րիոյ օ­դա­յին մար­զէն ներս թռիչք­նե­րու հա­մար փակ գօ­տիի մը ստեղ-ծըւի­լը։ Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ այն հար­ցին, որ գլխա­ւո­րու­թեամբ Քի­լի­սի՝ Թուր­քիոյ սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րէն ներս կը յա­ռա­ջա­նան լա­րուա­ծու­թիւն­ներ։ Դա­շին­քը առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կը պատ­րաս­տուի իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ա­ւելց­նե­լու ի նպաստ Թուր­քիոյ։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ շեշտեց, որ Ե­գէա­կա­նի մէջ նոր ճա­նա­պարհ­ներ կը գտնեն ա­պօ­րի­նի գաղթ կազ­մա­կեր­պող­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին հետ ալ քննար­կեց տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Միւս կող­մէ, ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Սթե­ֆան տը Միս­թու­րա յայ­տա­րա­րեց, որ Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը պէտք է ան­պայ­ման պահ­պա­նուի, պէտք է ա­րա­գա­ցուին մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան փո­խադ­րում­նե­րը։ Սթե­ֆան տը Միս­թու­րա ա­ւել­ցուց, թէ Սու­րիոյ մէջ ի­րադ­րու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նա­լին կը գտնուի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի ձեռ­քը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2016