ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Փա­րիզ։ Է­լի­զէի պա­լա­տին մէջ Ֆրան­սուա Օ­լանտ ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց իր վրա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը, ո­րու հետ քննար­կեց Կով­կա­սի առ­կայ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­վի­ճա­կը։ Շօ­շա­փուե­ցան նաեւ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Է­լի­զէի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան նիւ­թե­րէն մին ե­ղած է Փա­րի­զի եւ Թիֆ­լի­զի մի­ջեւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռած են Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին վրայ։ Ֆրան­սա­կան կող­մը ընդգ­ծած է, որ կը պաշտ­պա­նէ Վրաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 22, 2016