ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Վենետիկի «Viva Arte Viva» արուեստի միջազգային 2017-ի ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 13-Նոյեմբեր 26 թուականներուն միջեւ, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն արուեստագէտներ Ռաֆայէլ Մեկալ, Ժան Պօղոսեան եւ Միրօ Պերսոլիա:
Ռաֆայէլ Մեկալ պիտի ներկայանայ «Յովազները իմ ծաղկած այգիին մէջ» ցուցադրութեամբ: Ռաֆայէլ Մեկալի արուեստը ազգային զարդանախշերու եւ հայ մշակոյթին բնորոշ տարրերու նորովի մօտեցմամբ կը պատկերէ մարդու եւ բնութեան փոխյարաբերութիւնները: 2013 թուականին «Մարութայ սար» մեծածաւալ ստեղծագործութեան համար ան արժանացած է Ֆլորանսայի ցուցահանդէսի «Լորենցօ Մետիչի» արծաթէ մետայլին եւ Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչի կոչման:
Պրիւքսել բնակող լիբանանահայ քանդակագործ եւ նկարիչ Ժան Պօղոսեան պիտի ներկայացնէ «Անշէջ կրակ» կոչուող ցուցադրութիւնը: Անիկա կը խորհրդանշէ զօտալամբին կրակը, զոր Ժան Պօղոսեան կ՚օգտագործէ իբրեւ «Հուրէ վրձին»՝ իր անշէջ գործերը կերտելու համար: Ան բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է աշխարհի լաւագոյն պատկերասրահներուն մէջ, ինչպէս՝ Պրիւքսել, Ապու Տապի, Պէյրութ:
Հայկական տաղաւարի երրորդ մասնակիցը իտալաբնակ սլովենացի Միրօ Պերսոլիան է: Անոր «Առանց սահմանի» ցուցադրութիւնը կարմիր եւ կապոյտ գոյներու համադրութեամբ կ՚ընդգծէ արուեստի սահմաններ չունենալը:
Ցուցահանդէսին Հայաստանի ազգային տաղաւարի յանձնակատարը Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնն է, ի դէմս Սւետլանա Սահակեանի: