ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՎԱՐՁՈՒ ՏՈՒԱՒ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՆ ՇԷՆՔԸ
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ տեղեկացուց, որ վարձու տրուած է Տատեան վարժարանի հին շէնքը։ Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները երկար ժամանակէ ի վեր բազմակողմանի աշխատանք կը տանէին այս շէնքը արժեւորելու համար։ Ի լրումն այդ բոլորին թաղային խորհուրդը որոշեց վարձակալական պայմանագիր կնքել «Տիլքօ» խմբակին հետ, որու հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Քատրօ» լիկէոնը 2017-2018 ուսումնական շրջանէն սկսեալ պիտի տեղակայուի այդ շէնքին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս դպրոցի տնօրէնն է Ալէն Պիւյիւքէր։ Այս վերջինը Տատեանի շրջանաւարտներէն մին է։
Այս վարձակալական համաձայնութեան արդիւնքով Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ փակել առկայ պարտքերը եւ ստեղծել նիւթական նոր միջոցներ, որոնք պիտի յատկացուին Տատեան վարժարանի կրթական մակարդակի բարձրացման նպատակին։ Սոյն գործարքին առթիւ թաղային խորհուրդը արտայայտած է իր խորին երախտագիտութիւնը մեր համայնքի այն անձնաւորութիւններուն նկատմամբ, որոնք իրենց գաղափարներով ուղեցոյց եղած են այս պատասխանատու որոշումը կայացնելու ճանապարհին։