ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը։ Տաղաւարի առթիւ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ, բոլորը զիրար ողջունեցին տօնական աւետիսով։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ս. Զատկի առթիւ պատարագեց Երեւան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Հայրապետական Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ պետական աւագանիէն բազում դէմքեր։

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ զանգերը սկսան ղօղանջել՝ ազդարարելով տօնական աւետիսը։ Հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ, Նորին Սրբութիւնը ծանրաշուք թափօրով մը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի։ Պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ վարչատնտեսական բաժնի վարիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի երգչախումբը սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց շատ յուզիչ ձեւով՝ խոր տպաւորութիւն գործելով բոլոր հաւատացեալներուն եւ հեռատեսիլի միջոցաւ արարողութեան հետեւողներուն վրայ։

Տաղաւարի Ս. Պատարագի ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետը տուաւ Սուրբ Յարութեան տօնի պատգամը՝ իր աշխարհացրիւ հաւատացեալ ու հաւատարիմ հօտին։ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան միջոցաւ ուղիղ հեռարձակուեցաւ այս պատգամը եւ անոր հաղորդ դարձաւ ամբողջ հայութիւնը։ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Զատկի առթիւ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները մագնիսացած ուշադրութեամբ լսեցին Նորին Սրբութեան պատգամը։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը պատգամի աւարտին բոլորին տուաւ տօնական աւետիսը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Ներկայ հազարաւոր հաւատացեալներն ալ միաբերան ջերմեռանդութեամբ պատասխանեցին. «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։ Երեք անգամ կրկնուեցաւ այս դրուագը, մինչ հաւատացեալները տաղաւարի ուրախութեամբ, հոգեւոր հրճուանքով համակուած նոյնացան Հայոց Հայրապետին հետ։

Ս. Պատարագի աւարտին դարձեալ կազմուեցաւ ծանրաշուք թափօր մը եւ Ս. Զատկուան շարականներու երգեցողութեամբ Վեհափառ Հայրապետը թափօրով տաճարէն դուրս առաջնորդուեցաւ՝ միշտ իր օրհնութիւնները բաժնելով հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ս. Պատարագի աւարտին, խորանէն իջնելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը մօտեցաւ նաեւ դասին մէջ համախմբուած նախագահ Արմէն Սարգսեանին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ պետական աւագանիի ներկայացուցիչներուն, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ զանոնք ողջունեց տօնական աւետիսով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2019