ԱՅՍՕՐ ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ՉՈՐՍ ՕՐՈՒԱՆ ԺԱՄԿԷՏՈՎ ՓՈՂՈՑ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼԸ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՄԵԾ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Այսօր կէս գիշերին Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ փողոց դուրս գալու արգելք պիտի սկսի չորս օրուան ժամկէտով։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի բերումով ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներու ծիրին մէջ է այս կարգադրութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ Ապրիլի 23-ի տօնին առթիւ վաղը պաշտօնական արձակուրդ է բովանդակ երկրին մէջ՝ շաբաթավերջն ալ ներառնելով չորս օրուան փողոց դուրս գալու արգելք մը հաստատուած է երկրի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ երկու շաբաթավերջերուն ալ երկրի մեծ քաղաքներուն մէջ փողոց դուրս գալը արգիլուած էր։ Նոյն սահմանափակումը ի զօրու պիտի ըլլայ նաեւ ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին, սակայն այս անգամ չորս օրով։ Հաշուի առնելով, որ այս անգամուան ժամկէտը աւելի երկար է՝ փողոց դուրս գալու արգելքի առաջին երկու օրերուն (հինգշաբթի եւ ուրբաթ) հանրախանութներն ու նպարավաճառները բաց պիտի ըլլան օրուայ առաջին կէսին։ Թերթերու կրպակներն ալ պիտի գործեն ժամը 09.00-14.00-ին, իսկ շաբաթ եւ կիրակի օրերը խանութները բաց պիտի չըլլան։
Փողոց դուրս գալու արգելքի նախօրեակին, Թուրքիոյ մէջ համաճարակի զոհերու թիւը հասաւ 2 հազար 259-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին մահացած է եւս 119 հիւանդ։ Երէկ, երկրին մէջ կատարուած է 39 հազար 429 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ 4 հազար 611 նոր վարակեալ։ Ներկայիս 1865 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի։ 1006 վարակեալ կապուած է արհեստական շնչառութեան սարքի։ Նոյնպէս երէկուան դրութեամբ բուժուած է 1488 հոգի։ Թուրքիոյ մէջ ցարդ առողջացածներու թիւը բարձրացած է 14 հազար 918-ի։
«Տուեալները մեզի կը յուշեն հետեւեալը՝ մի՛ յուսալքուիր, մի՛ թերանար։ Պէտք չէ մոռնալ, որ այս երկուքը քորոնաժահրէն աւելի վտանգաւոր են։ Յամառօրէն հնազանդինք սահմանափակումներուն։ Շփումներէ խուսափինք, հեռաւորութիւն պահենք եւ մեկուսանանք», յայտնեց երէկ երեկոյեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա։