ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՆԳՍՏԱՆԱ՞Յ…

Առիւծները քնացած են երբեմնի բանուկ ճանապարհին։ Այսպէս, վաղ, թէ ուշ կենդանիները պէտք է նկատէին, որ մարդիկ անհետացած են եւ անոնք կրնան հանգիստօրէն զբաղեցնել իրենց տարածքը: Այդպէս տեղի ունեցաւ Հարաւային Ափրիկէ Հանրապետութեան մէջ գտնուող Քրիւկերի ազգային կենդանաբանական պարտէզին մէջ, ուր առիւծները քնացած են երբեմնի մարդաշատ փողոցին վրայ։

Պարտէզի աշխատակից Ռիչըրտ Սոուրի այս տեսարանը նկատած է այցի ժամանակ: BBC կը տեղեկացնէ, որ մարտի 25-էն ի վեր կենդանաբանական պարտէզը փակուած է, մեկուսացման պայմաններու ներքեւ, սակայն Սոուրի կը շարունակէ աշխատիլ: Ան պատմած է, որ նման տեսարանի սովորաբար ականատես կ՚ըլլային գիշերային ժամերուն, երբ պարտէզին մէջ ոչ ոք կ՚ըլլար: Հիմա այնտեղ ոչ ոք կայ նոյնիսկ ցերեկը, այդ իսկ պատճառով առիւծները որոշած են պառկիլ ճանապարհին եւ ուշադրութիւն չեն դարձներ ինքնաշարժով մօտեցող Սոուրիին:

«Այստեղ առիւծները իրականութեան մէջ սովոր են տեսնել ինքնաշարժներով շրջող մարդիկը: Բոլոր կենդանիները ունին վախի զգացողութիւն հետիոտնի նկատմամբ, այնպէս որ, եթէ ես փոխանակ ինքնաշարժի մէջ ըլլալու, քալէի, ապա անոնք երբեք թոյլ պիտի չտային ինծի իրենց մօտենալ», ըսած է ան:

Տեսնուած չորս լուսանկարները, զորս Ռիչըրտ Սոուրի լուսանկարած է իր հեռախօսով՝ ինքնաշարժին մէջէն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020