ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԵԴՐՈՆ
Հայկական սփիւռքի ամենայայտնի գիտահետազօտական կառոյցներէն «Զօրեան» կաճառը արդէն մասնաճիւղ մը հաստատած է Հայաստանի մէջ։ Անցեալ տարեվերջին պաշտօնապէս բացուած է «Զօրեան» կաճառի Երեւանի կեդրոնը, որ վերջերս սկսած է գործնական աշխատանք տանիլ։
1982 թուականին Պոսթոնի մէջ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) գործել սկսած է «Զօրեան» կաճառը, իսկ 1984 թուականէն ի վեր աշխատանք կը տանի նաեւ Թորոնթոյի մէջ (Գանատա)։ Այս կեդրոնը հիմնուած է հայոց պատմութիւնը աշխարհին ներկայացնելու, հայկական ինքնութեան պահպանման, արդի մարտահրաւէրներուն համարժէք արձագանգելու եւ հայութեան՝ որպէս ազգ ապագայ տեսլական ունենալուն նպատակով։ Գործունէութիւն ծաւալած է, ըստ էութեան, մարդու իրաւանց, ցեղասպանագիտութեան, սփիւռքագիտութեան եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան ոլորտներուն մէջ։ Անցեալ շուրջ չորս տասնամեակներու ընթացքին «Զօրեան» կաճառը կեանքի կոչած է բազում ծրագրեր՝ սկսելով աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գիտաժողովներու կազմակերպումէն մինչեւ զանազան լեզուներով հրատարակութիւններ։
Հայաստանի անկախացումէն ի վեր թէեւ այնտեղ միշտ կարեւոր աշխատանք կատարուած է «Զօրեան» կաճառին կողմէ, սակայն բոլորովին վերջերս հաստատած է իր Երեւանի կեդրոնը։ Այս նոր խարիսխը ստեղծուած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) հետ համագործակցութեամբ։ Այսպէս, յիշեալ համալսարանի եւ «Զօրեան» կաճառի համագործակցութեամբ ստեղծուած է «Բանաւոր պատմութեան կեդրոն» մը։ Սա կը գործէ ՀԱՀ-ի «Փափազեան» գրադարանէն ներս, որ կը վայելէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորումը։ «Զօրեան» կաճառը այս կեդրոնին յանձնած է իր բանաւոր պատմութեան արխիւի պատճէնները՝ ՀԱՀ-ի հետ կնքուած պայմանագրի մը հիման վրայ։
«Զօրեան» կաճառի նախագահ Գուրգէն Սարգսեան այս առթիւ ըսաւ, թէ Երեւանի կեդրոնը միտուած է դառնալ՝ մտածելու, հետազօտութիւններ կատարելու վայր մը, օգնելու համար ներթափանցելու այն ուժերուն ու գործօններուն, որոնք կը պայմանաւորեն հայոց հաւաքական կեանքը, ինքնութիւնն ու իրականութիւնը։