ԶԵՂՉԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան օրակարգին վրայ վերջերս հրատապ ձեւով յայտնուած է նիւթ մը։ Այսպէս, Երեւան կ՚ակնկալէ, որ Մոսկուա զեղչէ իրեն տրամադրուած բնական կազի սակագինը։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան վերջերս այս մասին նամակ մը ուղարկած էր ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլէրին։ Այս խնդիրը արծարծուած էր նաեւ երկու երկիրներու բարձրագոյն ղեկավարութեան միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցներու ժամանակ։
Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անդրադարձաւ այս նիւթին՝ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան կատարած յայտարարութիւններուն մէջ։ Հայաստանեան աղբիւրները անմիջապէս արձագանգ հանդիսացան ռուս նախարարի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան խօսեցաւ Երեւանի եւ Մինսքի համար բնական կազի սակագինի նուազեցման հաւանականութեան մասին։ Նոյն յայտարարութիւններուն մէջ Լաւրով յիշատակած է նաեւ ռուսական ընկերութիւններու դէմ Հայաստանի մէջ սկսած դատական գործընթացները։
«Կը կարծեմ, թէ դաշնակիցները, ի հարկէ, պէտք է տնտեսական առաւելութիւններ ստանան։ Դաշնակցային յարաբերութիւնները պէտք է արտացոլուին բոլոր ոլորտներու մէջ», ըսաւ Լաւրով։
Բաց աստի, ռուս նախարարը մատնանշեց, որ նոյնիսկ ուժանիւթի գիներու ներկայ անկման պարագայով, պայմանագրերով նախատեսուած պարտաւորութիւնները ի զօրու կը մնան՝ ներառեալ Հայաստանի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ համար։ Երբ այդ համաձայնագրերը կը կնքուէին, ուժանիւթի միջոցներու համար նշուած գիները եղած են շուկայականէն աւելի ցած։ «Ես կը կարծեմ, թէ դաշնակիցները, ի հարկէ, պէտք է ստանան տնտեսական առաւելութիւններ, բայց երբ սակագինը հասած է այսօրուան տեղը, պէտք է հաշուի առնել, որ կան յստակ պայմանագրային պարտաւորութիւններ», նշեց Լաւրով։
Պատասխանելով այն հարցման, թէ ինչո՞ւ Ռուսաստան բնական կազի սակագինը չի զեղչեր Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու համար, ինչ որ ըրած է անոր կազմէն դուրս երկիրներու պարագային՝ Լաւրով դիտել տուաւ, որ աւելի առաջ Մոսկուա ստացած է համապատասխան առաջարկներ։
«Ես վստահ եմ, թէ դիմումները դիտարկելու ընթացքին, իսկ անոնք վերջին շրջանին եղած են մեր Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի գործընկերներէն, մեր դաշնակցային յարաբերութիւնները, ի հարկէ, ուշադրութեան կ՚արժանանան։ Յամենայնդէպս, ճիշդ չէ այդ մասին յիշել, որ երբ իրավիճակը երեք-չորս տարի առաջուան բաղդատմամբ կը դառնայ ուղիղ հակառակը», ըսաւ ան։
Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի մէջ ռուսական ընկերութիւններուն դէմ բացուած դատերու կապակցութեամբ Սերկէյ Լաւրով ըսաւ. «Տնտեսական դաշտէ ներս ռուսական կողմը կ՚ակնկալէ, թէ դատական գործընթացները, որոնք վերջին տարիներուն սկսած են համատեղ ձեռնարկութիւններու, ներառեալ Հարաւ-Կովկասեան երկաթուղիներու դէմ, պիտի կարգաւորուին՝ առանց փորձելու մէջտեղ բերել բաներ մը, որոնք յարիր չեն դաշնակիցներու միջեւ յարաբերութիւններու»։
ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներէն Հայաստան եւ Սպիտակ Ռուսիա շաբաթներ առաջ դիմումներ ներկայացուցած էին Ռուսաստանի բնական կազի սակագինը վերատեսութեան ենթարկելու սպասումով։ Մոսկուա առայժմ չէ բաւարարած դաշնակիցներու խնդրանքը։ Աւելի՛ն, «Կազփրոմ Արմէնիա» Հայաստանի պատկան մարմիններուն դիմում ներկայացուցած է՝ ապրիլի 1-էն սկսեալ կազի սակագինը բարձրացնելու համար։