ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՓՐԿԵԼ

Սիրելիներ,

Հայերէնը կամ կը փրկուի կամ ո՛չ: Կէս մը կամ քառորդ մը կամ մէկ տասաներորդը փրկել կարելի չէ:

Կոչ ուղղել փրկելու միմիայն Հայաստանի արեւելահայերէնը անիմաստ է: Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կ՚ապրի մնայուն Սփիւռքներու մէջ, ուր տակաւին, որոշ չափով, ազգային կառոյցներու մէջ կ՚իշխէ արեւմտահայերէնը: Լեզուին անհետացումով նաեւ կ՚անհետանայ ինքնութենէն բան մը աւելի: Այդ ալ լեզուամտածողութիւնն է, իր բոլոր ենթաիմաստներով ներառեալ:

Մարմին մը ստեղծելու առաջարկները շատ շինիչ են, սակայն եղած ճգնաժամային իրականութեան դէմ յանդիման շատ թեթեւ սպեղանի են եւ անոր կը պակսին.

1. Հայաստանի լեզուի պաշտպանման մարմնին տուգանելու եւ պատժային ոյժը: Այստեղ՝ Գանատայի Քեպէք նահանգին մէջ կայ հզօր մարմին մը, որ կը կոչուի Office de la Langue Française (OLF), որուն նմանը չկայ նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ, որ ամէն տեսակ միջոցներ կը գործածէ: Կ՚առաջարկեմ, որ մօտէն ծանօթանաք անոր աշխատանքներուն այստեղ https://www.oqlf.gouv.qc.ca/office/mission.html: Օրէնք մը անիմաստ է, եթէ զայն գործադրողն ու պարտադրողը չկան: Հայաստանը նմանօրինակ օրինական ոյժով օժտուած մարմնի մը պէտք ունի: Մնացածը աչքի փոշի է:

2. Անյապաղ վերադարձ դասական ուղղագրութեան եւ յետկոչում սթալինեան ոճրին մեր լեզուամշակոյթին դէմ: Շարունակել գործածել «հայերէն» կոչեցեալ ճիւաղային արտառոցութիւն մը ո՛չ մէկ կերպով կը սատարէ հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման: Նամանաւանդ Հայաստանի մէջ: Ընդհակառակը՝ միմիայն կը ծառայէ Սթալինի նպատակներուն՝ որ էին. ա) Հայութիւնը զատել իր արմատներէն եւ մշակութային աւանդէն բ) Հայութիւնը բաժնել իր կրօնական աւանդէն գ) Լեզուամշակութային պատ բարձրացնել արեւելահայութեան պարսկահայ եւ Հայաստանի բնակչութեան միջեւ դ) Լեզուամշակութային անթափանցելի պարիսպ բարձրացնել արեւմտահայերու եւ Հայաստանի հայերու միջեւ ու վերջապէս ե) Բաժանումով դիւրացնել մեր ազգային մտաւորական եւ ուրեմն ինքնութեան ջլատումը: Սթալին իր նպատակներուն կը հասնի մեր իսկ հաւանութեամբ, ձեռամբ եւ աշխատանքով մինչե՛ւ այսօր, ամէն անգամ որ Հայաստանի փոքրիկները իրենց դպրոցներուն մէջ այդ թոյնով կը ներարկուին ամէն օր եւ ամէն ժամ: Հայաստանի մէջ այբուբեն անգամ չեն սորվեցներ (այսինքն տառերուն անունները): Չէ՞ք հաւատար, հարցուցէ՛ք ոեւէ մանուկի եւ կամ չափահասի ալ եթէ կրնայ զանոնք ըսել ծայրէ ծայր անսխալօրէն: Ալ ուր մնաց որ իսկապէս հայերէն սորվին եւ զայն գործածեն եւ ընդվզին լեզուին դէմ գործուած մեղանչումներուն դէմ: Այս բոլորը բոլորնիս կ՚ապրինք մեր առօրեային մէջ եւ գիտենք: Ուրեմն դադրինք իրականութենէն խուսափիլ: Այս իրավիճակը շարունակող Հայաստանի բոլոր ղեկավարները ԱՆԽՏԻՐ, մեր ազգին մեծագոյն դաւաճաններուն շարքին պէտք է դասուին: Մնացածը աչքի փոշի է:

3. Կազմել Հայաստան-Սփիւռք երկակողմանի մարմին մը արեւմտահայերէնի վերապրումի պայքարին լծուող: Այս մարմինը նոյնպէս պէտք է ըլլայ պետական եւ ունենայ պատշաճ պիւտճէ: Մարմնին նպատակը պիտի ըլլայ զօրաշարժի ենթարկել ԱՄԲՈՂՋ հայութիւնը փրկելու համար արեւմտահայերէնը: Առանց Հայաստանի պետական զօրաշարժին՝ արեւմտահայերէնը անկարելի է իր հոգեվարքէն դուրս բերել որպէս ապրող լեզու: Ասոր ամենապարզ բաղդատական օրինակը եբրայերէնինն ու Yiddish-ինն է: Իսրայէլը՝ որուն պաշտօնական լեզուն եբրայերէնն է, մեծագոյն ներդրումը ունի Yiddish-ի պաշտպանութեան ի խնդիր, գիտահետազօտական աշխատանքով, համալսարանային դասընթացքներով, հրատարակութիւններով, դասագիրքերու կազմութեամբ, ուսուցիչներու պատրաստութեամբ, գրական մրցանակներով, փառատօներու կազմակերպութեամբ, լեզուամշակութային ծրագրերով, գրականութեան սատարումով, երաժշտական արուեստներու քաջալերութեամբ եւ մրցոյթներով, համացանցային ուսուցման նորարարութիւններով եւ այլն: Yiddish խօսօղ երկու մեծագոյն հրէական սփիւռքի կեդրոնները Նիւ Եորքն են եւ Մոնթրէալը, սակայն անոր պաշտպանութեան առիւծի բաժինը կը կատարուի Իսրայէլի պետական եւ կիսապետական մարմիններու կողմէ: Մենք այսպիսի աշխատանքի լծուած մարմնի մը պէտք ունինք հիմա, ո՛չ աւելի եւ մանաւանդ, ո՛չ պակաս: Մնացածը աչքի փոշի է:

Իմ առաջարկներս ասոնք են, խնդրեմ քննադատեցէք կամ ալ ընդունեցէք եւ կոչը պատշաճօրէն ընդլայնեցէք:

Ներողամիտ եղէ՛ք, սակայն իր այս շարադրումով ես այս կոչը չեմ կրնար ստորագրել վերոյիշեալ պատճառներով: Նաեւ ըսեմ, թէ կրնաք այս գրութիւնս լայնօրէն սփռել եւ տարածել ձեր ցանկերուն մօտ, միմիայն կը խնդրենմ զայն սփռել ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՕՐԷՆ եւ ո՛չ կտրտուած կամ իմաստազուրկ մէջբերումներով:

ՎԻԳԷՆ Լ. ԱԴԴԱՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020