Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ԳՐԱՌՈՒՄ
Dior-ի ձեւագծումին մէջ տեղ գտած է «Քեզ կը սիրեմ» հայերէնով գրառումը։ Այսպէս, նորաձեւութեան աշխարհահռչակ Vogue ամսագրի իտալական տարբերակը ապրիլ ամսուայ համարին մէջ հրապարակած է Dior-ի ձեւագծումը, որու վրայ գրուած է «Քեզ կը սիրեմ»՝ աշխարհի բազմաթիւ լեզուներով, այդ կարգին նաեւ հայերէնով։ Պարբերականը «Ինսթակրամ»ի իր էջին վրայ ձեւագծումի լուսանկարը տեղադրած է՝ Dior-ի ստեղծագործական տնօրէնի գրառմամբ:
«Սէրը համընդհանուր է, ինչպէս բոլոր լեզուները, որոնցմով կը խօսի Dior աշխատանոցի մէջ: Հիմա, քան երբեւէ, անհրաժեշտ է յիշել, որ մենք կը պատկանինք միեւնոյն աշխարհին», նշած է իտալացի ձեւագէտ, Dior-ի ստեղծագործական տնօրէն Մարիա Կրացիա Քիւրին:
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020