ՄԱՐԿԱՐԻԹԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԾ
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարկարիթա Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդը արդէն վաւերացուցած է Մարկարիթա Գրիգորեանի հրաժարականը։ Միեւնոյն ժամանակ Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է Արմէն Սարգսեան, որ կայանի ստեղծագործական հարցերով փոխ-տնօրէնն է։
Մարկարիթա Գրիգորեանին առընթեր, հրաժարական տուին նաեւ Հանրային հեռուստակայանի լրատուական բաժնի տնօրէն Պետրոս Ղազարեան եւ հեռուստաընկերութեան ընդհանուր արտադրող Վարդան Յակոբեան։ Լրատուական բաժնի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է Ռուբէն Շահինեան, որ մինչ այդ նոյն բաժնի փոխ-տնօրէնն էր։
Յառաջիկային Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդը պիտի կազմէ մրցութային յանձնաժողով մը եւ մրցոյթ մը պիտի կազմակերպէ՝ Հանրային հեռուստաընկերութեան նոր գործադիր տնօրէնը պաշտօնի կոչելու նպատակով։
Վերջին օրերուն Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան շուրջ ստեղծուած էր լուրջ աղմուկ մը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 17 ապրիլին տեղի ունեցած հեռուստաեթերի ուղիղ եթերով սփռումի կազմակերպման ժամանակ։ Այսպէս, վարչապետի ելոյթին նախորդած փորձնական պահերը, շուրջ 15 վայրկեան, յայտնուած էին համացանցի վրայ։ Ուղիղ եթերը կազմակերպած Հանրային հեռուստաընկերութիւնը տեղեկացուցած է, որ վարչապետի ելոյթի հեռարձակման համար բաց կապուղի տրամադրած էր քանի մը լրատուամիջոցներու։ Կառավարութեան աղբիւրները բուռն բողոք յայտնած էին վարչապետի գիտակցութենէն դուրս այդքան երկար ժամանակ թեքնիկ տեսակէտէ ուղիղ եթերին հնարաւորութիւն տրուելուն դէմ։ Բաց կապուղին պէտք էր տրամադրուեր վարչապետի ելոյթէն հազիւ քանի մը երկվայրկեան առաջ։ Այս ապրուածը համարուած էր արհեստավարժական տեսակէտէ թերացում։ Կառավարութենէն բարձրացած բողոքով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Մարկարիթա Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Սա Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մըն է։ Արդարեւ, Մարկարիթա Գրիգորեան այն բարձրաստիճան դիւանակալներէն մին էր, որ պաշտօնի ձեռնարկած էր 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն առաջ։ Իշխանափոխութեան յաջորդած շուրջ երկու տարիներուն ընթացքին ան շարունակած էր պաշտօնավարել, սակայն Փաշինեանի ուղիղ եթերի կազմակերպման գայթակղութիւնը պատճառ դարձաւ իր պաշտօնավարութեան աւարտելուն։