ՈՉ ԵՒՍ Է ԴԵՍՊԱՆ ՌՈՒԲԷՆ ՇՈՒԿԱՐԵԱՆ
Հայկական դիւանագիտական աշխարհի յայտնի անուններէն դեսպան Ռուբէն Շուկարեան երէկ իր մահկանացուն կնքեց՝ 58 տարեկան հասակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընկերային ցանցերու միջոցաւ Ռուբէն Շուկարեանի որդին՝ Նարեկ Շուկարեան անդրադարձաւ մահուան հանգամանքներուն։ Այսպէս, անցեալ շաբթուան մէջ Ռուբէն Շուկարեան ունեցած է ուղեղային խռնում մը, որու հետեւանքով չափազանց վատթարացած է առողջական վիճակը եւ դժբախտաբար կարելի չէ եղած փրկել իր կեանքը։ Ռուբէն Շուկարեան մահացած է Պոսթոնի մէջ, Մասաչուսեց։ Շուրջ տասն տարիէ ի վեր ան կը բնակէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Ռուբէն Շուկարեան 1962 թուականին ծնած էր Մոսկուայի մէջ։ 1980-1985 թուականներուն ան ուսանած էր Երեւանի «Վալերի Պրիւսով» օտար լեզուներու պետական համալսարանէն ներս՝ ռուսաց լեզուի, անգլերէնի, անգլիական, ռուսական եւ ամերիկեան գրականութեան վրայ։ 1985-1989 թուականներուն ուսանած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Փիլիսոփայութեան ֆաքիւլթէին մէջ։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառէն ներս ստացած էր թեկնածուի աստիճան՝ համաշխարհային պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու գծով։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան շրջանին նախագահական աշխատակազմէն ներս զբաղեցուցած էր կարեւոր պաշտօններ։ Աւելի վերջ, 1993-1999 թուականներուն Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանը եղած էր։ Վերադառնալով Երեւան՝ 1999-2005 թուականներուն եղած էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար։ 2005-2008 թուականներուն համատեղութեան կարգով Հայաստանի դեսպանը եղած էր Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մօտ (նստավայրը՝ Հռոմ)։ 2008-ին դիւանագիտական ծառայութենէ ազատուելէ վերջ Ռուբէն Շուկարեան հաստատուած էր ԱՄՆ։
Ռուբէն Շուկարեանի մահուան առթիւ Հայաստանի պետական աւագանիէն դէմքեր հրապարակեցին ցաւակցականներ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ռուբէն Շուկարեանի անժամանակ մահ-ւան անդրադարձաւ շեշտելով, որ հանգուցեալը մտաւորական տոհմէ մը սերած կիրթ ու պատրաստուած անձնաւորութիւն մըն էր եւ իր անուրանալի հետքը թողած է Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան պատմութեան մէջ։ Դիւանագիտական գործունէութիւնը արժանաւորապէս կատարելու առընթեր, Ռուբէն Շուկարեան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանած էր իր յետագայ դասախօսական եւ գիտական-վերլուծական աշխատանքներուն մէջ։ Արտաքուստ մեղմ եւ ընկերական այդ անձնաւորութիւնը ճշգրիտ եւ սկզբունքային էր խօսքին ու գործին մէջ։ «Ռուբէնի հետ զիս կը կապէին ուսանողական տարիներէ սկսած բարեկամութիւնը եւ ընկերութիւնը, շատ հարցերու մէջ մեր հայեացքներու եւ գնահատականներու նմանութիւնը։ Ան մեզմէ կը հեռանայ տարիքի մը մէջ, երբ արդէն կուտակած էր փորձառութիւն, գիտելիքներ ու միջազգային ճկունութիւն, որոնք կը ծառայեցնէր եւ տակաւին երկար ժամանակ կրնար ծառայեցնել հայրենիքին։ Հազար ափսոս. մեր ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն մին», յայտնած է նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ վշտակցելով իր եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանի անունով հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն ու բոլոր հարազատներուն։