ՎԻԹԽԱՐԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ իրականացուցին տեսաքոնֆերանս մը։ Առցանց քննարկումը կազմակերպուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ։ Թէեւ Երեւանի եւ Պաքուի այսօրինակ շփումները միշտ ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, սակայն երէկուան տեսաքոնֆերանսէն անմիջապէս առաջ Մոսկուայէն հնչած յայտարարութիւնները եկան պայմանաւորել Մնացականեան-Մամետեարով երէկուան զրոյցին մթնոլորտը։ Արդարեւ, ռուսական կողմը որոշ փակագծեր բացաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ eadaily.com կայքէջի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին գծով բանակցութիւններու սեղանին վրայ կը գտնուի փուլային տարբերակը։ Երէկ, Լաւրով Ռուսաստանի «Կորչաքով» հանրային դիւանագիտութեան աջակցութեան հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած առցանց կլոր սեղանի ընթացքին անդրադարձաւ այս նիւթին։ «Ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու սեղանին վրայ կը գտնուի փաստաթուղթ մը, որ անդրկովկասի մէջ ձգձգուած հակամարտութեան փուլային կարգաւորում կ՚ենթադրէ», ըսաւ Լաւրով։

Վերոյիշեալ առցանց քննարկման ժամանակ Սերկէյ Լաւրով պատասխանեց 1993 թուականին հակամարտութեան գօտիէն ներս ռազմավարական գործողութիւններու ժամանակ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ընդունած 4 բանաձեւերու մասին հարցման, ինչ որ մշտապէս կը շահարկուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Ռուս նախարարը այս առթիւ ըսաւ. «Ընդունուածները յայտնի փաստաթուղթեր են։ Անոնք առաջին հերթին կ՚ենթադրէին ռազմական գործողութիւններու դադրեցում եւ բանակցութիւններու անցում։ Անոնց մէջ, այո, կը հաստատուէր Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։ Բայց այդ նոյն բանաձեւերուն մէջ կոչ կը հնչէր դադրեցնել ռազմական գործողութիւններն ու անցնիլ բանակցութիւններու։ Աւելի վերջ բանակցութիւններ վարուած են եւ ոչ անգամ մը։ Բանակցութիւններու պայմանաւորուածութիւններ եղած են Քի Ուեսթի մէջ 2001 թուականին, եղած են նաեւ զանազան ձեւաչափերով պայմանաւորուածութիւններ (Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կամ առանց անոնց)։ Այժմ արդէն կայացած է բանակցութիւններու Պաքու-Երեւան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի ձեւաչափով։ Սա լաւ ձեւաչափ է եւ կեանքի կը կոչէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կոչը, բանակցային սեղանի շուրջ նստելու եւ պայմանաւորուելու մասին»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ռուս նախարարը յիշեցուց նաեւ, որ Մատրիտեան պայմանաւորուածութիւնները, Քազանեան սկզբունքները եւ այն նախագիծերը, որոնք անցեալ տարի ապրիլին ընդունուած են Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ, որուն մասնակցած էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։

«Այդ փաստաթուղթերը կ՚ենթադրեն կարգաւորման փուլային մօտեցում՝ առաջին հերթին ենթադրելով ամենաարդի խնդիրներու լուծումը. Լեռնային Ղարաբաղի յարակից քանի մը շրջաններու ազատում (հայկական զօրքերու կողմէ) եւ փոխադրութեան, տնտեսական եւ այլ կապերու ապաարգելափակում։ Այնպէս որ, ես համոզուած եմ, թէ երբ մենք այդ փաստաթուղթերու ստորագրման որոշման հասնինք, սա կարեւորագոյն քայլը պիտի ըլլայ ուղղուած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու իրականացման։ Այժմ պէտք է համաձայնիլ եւ մենք կը փափաքինք այս իսկ բանին հասնիլ, որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներ», եզրակացուց Լաւրով։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Սերկէյ Լաւրովի այս յայտարարութիւնները շատ լայն արձագանգ գտան հայկական հանրային կարծիքին մօտ։ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներն ալ Լաւրովի խօսքերու լոյսին տակ բուռն քննադատութիւններ հնչեցուցին իշխանութիւններու հասցէին՝ նոյնիսկ որոշ մեկնաբաններ պահանջեցին Զօհրապ Մնացականեանի հրաժարականը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Զօհրապ Մնացականեանն ալ անմիջապէս հանդէս եկաւ պատասխան յայտարարութիւններով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ 2014-ին առաջարկուած կարգաւորման տարբերակը բանակցային փաստաթուղթ մը չէր։ Նախարարը վստահեցուց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն կրնար կարգաւորման բանակցութիւններու մէջ խօսիլ բան մը ու ժողովուրդին ներկայացնել ուրիշ բան մը։ Վերջին երկու տարիներու ընթացքին Հայաստանի կառավարութիւնը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բոլորով եղած են առաւել քան թափանցիկ։ «Մեր դիրքորոշումներն ու մօտեցումները յայտնած ենք շատ պարզ ձեւով։ Այդ մեկնաբանութեան մէջ եղած են յղումներ բազմաթիւ փաստաթուղթերու։ Նման մօտեցումներ ի յայտ եկած են 2014, 2016 թուականներուն եւ այդ մօտեցումները ընդունելի չեն եղած հայկական կողմերուն համար։ 2018 թուականէն ի վեր քննարկումները սահմանափակուած են առանձին տարրերու շուրջ՝ կողմերու մօտեցումներու քննարման, գնահատման վերաբերեալ։ 2014 թուականին առաջարկուած տարբերակը այսօր բանակցային սեղանի փաստաթուղթ չէ», յայտնեց Մնացականեան ու շեշտեց, որ հայկական կողմերը առաւել քան յստակ խօսած են իրենց դիրքորոշումներուն մասին, ուր առաջնային գերակայութիւնն է անվտանգութեան բաղադրիչը։

«Ինչ կը վերաբերի տարածքներուն։ Ամէն բանէ դուրս սա անվտանգութեան գօտի է ու պաշտպանական գիծ։ Որեւէ հայկական կողմ չի կրնար ենթադրել, որ հնարաւոր է այդ մէկը վերատեսութեան ենթարկել՝ վտանգի տակ դնելով Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը։ Որեւէ կերպ անհնար է ենթադրել, որ հայկական կողմերէն ոեւէ մէկը կարող է երթալ զիջումներու, որոնք վտանգի տակ կրնան դնել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը», շարունակեց Մնացականեան եւ աւելցուց, որ հիմնական սկզբունքներուն մէջ գոյութիւն ունի ինքնորոշման սկզբունքը, որ այս բանակցային գործընթացին մէջ առաջնային եւ գերակայ տարրն է հայկական կողմերուն համար։ Նախարարը աւելցուց.

«Խաղաղ կարգաւորումը հնարաւոր է փոխադարձ զիջումներու միջոցաւ։ Զիջումներ չեն եղած ու պիտի չըլլան։ Հայկական կողմերը որեւէ պարագայով պիտի չստանձնեն որեւէ մօտեցում, որ կ՚ենթադրէ անվտանգութեան խափանում, Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ սպառնալիքի ստեղծում։ Այդ սպառնալիքը կը մնայ իրական։ Առաւել քան առաջնային է ինքնորոշման սկզբունքի արտայայտումը այս բանակցային գործընթացին մէջ։ Փոխզիջումները պէտք է ըլլան համաչափ, որու մէջ հայկական կողմերը կը տեսնեն լիարժէք արտայայտութիւն անվտանգութեան եւ կարգավիճակի տարրերու։ Սա եղած է ու կը մնայ հայկական կողմի մօտեցումը։ Այս մասին մենք կը խօսինք բանակցութիւններու ժամանակ։ Խորապէս կը սխալի ան, որ կ՚ենթադրէ մենք կրնանք բանակցութիւններու ընթացքին խօսիլ բան մը եւ ժողովուրդին ներկայացնել ուրիշ բան մը։ Չի կրնար ըլլալ այդպիսի բան»։

Նոյն առթիւ Մնացականեան շեշտեց, որ գործընթացը որեւէ այլընտրանք չունի, քան խաղաղ կարգաւորումը։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմերը վճռականօրէն պիտի պաշտպանեն իրենց ժողովուրդը, անվտանգութիւնը, հաւատարիմ պիտի մնան այս սկզբունքին նկատմամբ ու պիտի շարունակեն պնդել անոր վրայ։

Բաց աստի, նոյնպէս Լաւրովի յայտարարութիւններու լոյսին տակ Մնացականեան ընդգծեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախը ներկայացնելու լիազօրութիւնը չունին՝ Արցախի ժողովուրդէն ստացուած։ Քանի մը օր առաջ Արցախի իշխանութիւնները մրցակցային, ազատ, ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցաւ Արցախի ժողովուրդէն լիազօրութիւն ստացան։ Այս երկու տարիներու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը մշտապէս խորհրդակցած է Արցախի կողմին հետ, բանակցային գործընթացը մանրամասնօրէն քննարկուած է, մենք կ՚աշխատինք միասին, նոյնը պիտի շարունակուի նոր իշխանութիւններու հետ։ Արցախի ժողովուրդին վերաբերեալ որեւէ որոշում չի կրնար ընդունուիլ առանց Արցախի ժողովուրդի»։

Այս մանրամասն յայտարարութիւնները ընելու առընթեր, ստեղծուած իրավիճակին մէջ Էլմար Մամետեարովի հետ տեսաքոնֆերանսէն առաջ Մնացականեան հրապարակեց նաեւ քննարկուելիք գերակայ խնդիրը։ «Այս օրուայ մեր գերակայ խնդիրը կը վերաբերի մէկ բանի՝ երբ տարածքաշրջանն ու աշխարհը կեդրոնացած են քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի վրայ, հրադադարի պահպանումը, որեւէ ռիսքի բացառումը առաւել քան գերակայ խնդիր է։ Մենք պիտի աշխատինք այս ուղղութեամբ։ Մնացեալ հարցերը՝ յետոյ», նշեց Մնացականեան տեսաքոնֆերանսէն առաջ։

ՏԵՍԱՔՈՆՖԵՐԱՆՍ

Այս բոլորէն վերջ տեղի ունեցաւ Մնացականեանի եւ Մամետեարովի տեսաքոնֆերանսը։ Նախարարներն ու միջնորդները քննարկեցին տարածքաշրջանէ ներս քորոնաժահրի համաճարակի տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդգծուեցաւ, որ այս նոր մարտահրաւէրին կ՚առերեսուին տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդները՝ անկախ քաղաքական սահմաններէ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածքաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն։ Համաճարակի դէմ ձեռնարկուած համաշխարհային պայքարի համատեսքին մէջ առանձնայատուկ ընդգծուեցաւ հրադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը։ Այս տեսակէտէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կարեւորեցին իրենց կատարած վերջին յայտարարութիւնը եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի համաշխարհային հրադադարի վերաբերեալ կոչը։ Տեսաքոնֆերանսին զուգահեռ, նախարարներն ու միջնորդները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հրապարակեցին այս համատեղ յայտարարութեան բովանդակութիւնը։ Այսպէս, Մնացականեան, Մամետեարով եւ միջնորդները համաձայնեցան սերտ կապի մէջ մնալ ու հնարաւորինս շուտ շարունակել երես-երեսի բանակցութիւնները։ Ըստ համատեղ յայտարարութեան, երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին մասնակիցները քննարկեցին համաշխարհային առողջապահական տագնապի ազդեցութիւնը տարածքաշրջանի վրայ եւ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները։ Կողմերը անդրադարձան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս առնուելիք յետագայ քայլերուն՝ համահունչ 30 յունուար 2020 թուականին Ժընեւի մէջ կատարուած համատեղ յայտարարութեան։ Հաստատուեցաւ, որ համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած արտասովոր իրավիճակին պատճառով նախատեսուած մարդասիրական միջոցառումներու իրականացումը յետաձգուած է։ Նախարարներու միջեւ առերես հանդիպումներու եւ համանախագահներու տարածքաշրջան այցելութիւններու վերաբերեալ Ժընեւի մէջ գոյացած հանդիպումները նոյնպէս յետաձգուած են։ Այնուամենայնիւ, վերոյիշեան գործողութիւններու նախապատրաստման ուղղեալ անհրաժեշտ աշխատանքները կը շարունակուին։

Ըստ համատեղ յայտարարութեան, համանախագահները ընդգծեցին հրադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման եւ սադրիչ գործողութիւններէ զերծ մնալու կարեւորութիւնը։ Անոնք կոչ ուղղեցին հակամարտ կողմերուն՝ ձեռնարկել ապագայ միջոցառումներու լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ։ Անոնք նաեւ բարձր գնահատեցին ստեղծուած իրավիճակին մէջ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչի շարունակական աշխատանքը եւ ընդգծեցին դիտարկման աշխատանքներուն հնարաւորինս արագ վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։

Հաշուի առնելով այն վիթխարի մարտահրաւէրները, որոնց ներկայիս կ՚առերեսուին բոլոր ժողովուրդները՝ անկախ քաղաքական սահմաններէ եւ որոնք կը ծառայեն որպէս խիստ յիշեցում իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի արժէքին մասին, նախարարներն ու միջնորդները յոյս յայտնեցին, թէ համաշխարհային համաճարակին արձագանգելու հարցին մէջ ցուցաբերուած վճռականութիւնը ստեղծարար ու շինիչ խթան մը պիտի հաղորդէ խաղաղ գործընթացին։ Համանախագահները ուշադրութիւն հրաւիրեցին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ ներկայ առողջապահական տագնապի ժամանակաշրջանին հրադադարի միջոցառումներու վերաբերեալ մարտի 23-ի ուղերձին եւ իրենց մարտի 19-ի յայտարարութեան վրայ։

ՇՓՄԱՆ ԳԾԻ ՎՐԱՅ ԴԷՊՔ

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արցախի պաշտպանութեան բանակը երէկ խոցեց Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարք մը։ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները հաւաստանշեցին ORBITER տիպի անօդաչու թռչող սարքի մուտք գործած ըլլալը Արցախի օդային մարզը։ Ուստի, համապատասխան աստիճանի մարտական պատրաստութեան բերելով զօրքերը՝ Արցախի բանակը խոցած է Ատրպէյճանի անօդաչու թռչող սարքը։

Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի յարակից տարածքներէն ներս Ատրպէյճանի ռազմաօդային զօրքերու թռիչքները, որոնք կը կրեն ինչպէս ուսումնավարժական, այնպէս ալ հետախուզական բնոյթ։ Մասնաւորապէս անօդաչու թռչող սարքերը յաճախ կը փորձեն հետախուզական նպատակներով ներթափանցել Արցախի օդային մարզը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020