ՏՈՒՆԸ ՄՆԱՑԷՔ. ԱՅԴՊԷՍ ՄԵՆՔ ԿՐՆԱՆՔ ԿԵԱՆՔԵՐ ՓՐԿԵԼ…

Բարդ օրեր կ՚ապրինք։ Ճիշդ է, որ Հայաստանի մեր միջավայրին մէջ մարդիկ ընդհանրապէս վախ մը, սարսափ մը, մտահոգութիւն մը չունին կապուած քորոնա վարակին հետ, բայց եւ այնպէս վարակակիրներու թիւը ամէն օր կը բարձրանայ։

Ճիշդ է նաեւ, որ մարդկային հոսքերու, խճողուածութեան, կամ նոյնիսկ գերբնակեցուած ըլլալու առումով Երեւանը մեծ թիւերով տեղի կու տայ համաճարակի իրական տագնապը ապրող Թեհրանին, Հռոմին, Մատրիտին եւ Նիւ Եորքին նկատմամբ, բայց մեր մօտ մահացութիւններու թիւի աճը կրնայ այսօրուան «անհոգ» պատկերը կտրականապէս փոխել...։ Անոնք՝ որոնք դիտարկեցին, կիսեցին, հետեւեցան ու դեռ ալ խորունկ հայեացքով կը շարունակեն ի մի բերել համաճարակի ընդհանուր դրութիւնը՝ շատ լաւ գիտեն, որ մենք՝ երեւանցիներս սխալ վիճակի մէջ ենք։

Սխալ մօտեցումը միայն կառավարութիւններուն, օրէնքը պահողներուն, իրաւապահներուն ուսերուն չէ անշուշտ, այլ՝ ժողովուրդին, որ տակաւին չէ կրցած հասկնալ, կամ լաւագոյն պարագային չ՚ուզեր գիտակցիլ, թէ քորոնան կատակ մը չէ։

Կատակ մը չէր, երբ «գրաւեց» Ուհան քաղաքը, կատակ մը չէր, երբ իր ճիրաններուն մէջ առաւ Միլանոն, ու բնաւ կատակ մը չէր, երբ այսքան տխուր Նիւ Եորքի մը ուրուանկարը ստեղծեց։

Ինչպէս բոլորը կ՚ըսեն, թէ այսօրուան դրութեամբ քորոնան «ջախջխելու», թուլացնելու ու ապա անպէտք բանի մը վերածելու միակ ազդու միջոցը տունը մնալ է։

Ճիշդ է, որ եթէ խորունկ վերլուծումներու դիմելով խօսինք ու նկատել տանք, որ քորոնայի ազդեցիկութիւնը նոյնը չեղաւ Երեւանի համար, ինչ որ եղաւ Մատրիտի կամ Նիւ Եորքի պարագային, բայց այդ ըսել չէ երբեք, որ մենք հեռացանք, ազատեցանք ու փրկուեցանք ամբողջական վտանգի ընդհանուր շրջածիրէն։

Վտանգը տակաւին մեր մօտն է, մարդիկ պէտք է հասկնան ատիկա ու պէտք է հասկնան նաեւ, որ այս փուլը բարեյաջողութեամբ անցընելը լաւագոյն միջոցն է դուրս գալու համար համաշխարհային տագնապի այս փուլէն։

Ու այս բոլորին հետ յստակ է, որ ինչպէս մեր մօտ՝ Երեւանի մէջ, այնպէս ալ Հռոմի կամ Նիւ Եորքի մէջ մարդիկ չուզեցին բաց աչքերով տեսնել եղածները ու ամենակարեւորը չուզեցին դասեր քաղել միւս քաղաքներու ապրած տառապանքէն։

Երեւի միշտ այսպէս ալ եղած է, այսպէս ապրած ենք ու այսպէս ալ պիտի ապրինք։

Պիտի անտեսենք մեզի ուղղուած յորդորները, պիտի կարծենք, որ մենք ամէն բան գիտենք ու պիտի մտածենք, որ արդէն «ինչ որ պիտի ըլլայ, պիտի ըլլայ», կամ թէ «եղածը մեծ խաղ մըն է» եւ մենք կարիք չունինք լսելու իարաւապահ մարմիններուն յորդորները։

Յուսալի է, որ Երեւանի մէջ այսօր առկայ վիճակը կը շարունակէ մնալ այսպէս, եւ յուսալի է, որ մեր քաղաքին ու հայրենի շարք մը քաղաքներու մէջ այս պահուն բուժում ստացող մեր հայրենակիցները արագօրէն բուժուին։ Բայց եւ այնպէս կարեւորը, գուցէ կարեւորագոյնը մարդոց մտքերուն մէջ առկայ կարծրատիպները կոտրելն է, ուրիշի ցաւը տեսնելով այդ ցաւէն սորվիլն է, զիջիլն է քիչ մը, որպէսզի վաղը աւելի լաւ գարուն մ՚ունենանք։

Առողջ եղէք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020