ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ՏՈՒԳԱՆՔ
Իտալիոյ մէջ քահանայ մը տուգանքի ենթարկուած է պատարագ մատուցանելուն համար։ Սոյն պատարագը քահանան մատուցած է ի յիշատակ քորոնաժահրէ մահացողներուն։
Տոն Լինօ Քահանայ Վիոլա Ս. Պատարագը մատուցած է տասներեք հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Պատարագի մասին տեղեկութիւնը տարածուած է եւ ոստիկանները զայն համարելով զանգուածային միջոցառում, որու տեղի ունենալը մեկուսացման շրջանին արգիլուած է, տուգանած են քահանան։
Լրատուամիջոցներով տարածուած տեսագրութեան համաձայն, ոստիկանը մօտեցած է եւ փորձած է դադրեցնել արարողութիւնը, սակայն քահանան շարունակած է զայն։ Քահանան տուգանուած է 280 եւրոյով։ Ան առաժմ չի պատրաստուիր զայն վճարելու։ Քահանան կը բացատրէ, որ պետութեան կողմէ սահմանափակումները կը վերաբերին զանգուածային միջոցառումներու, այլ ոչ թէ եկեղեցական ծառայութեան։ Ան ընդգծած է, որ պատարագին ներկայ գտնուողները պահած են հեռաւորութեան օրէնքը ու կանգնած՝ իրարմէ հեռու։ Անոնք կրած են դիմակներ ու ձեռնոցներ։ Քահանան կը պատրաստուի բողոքարկել ոստիկաններու որոշումին։