ԱՐՑԱԽԷՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ ահազանգեց, որ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հրադադարը խախտած են զանազան ուղղութիւններով։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այդ խախտումներուն ժամանակ Ատրպէյճանի բանակը օգտագործած է տարբեր տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներ։

Ըստ հաղորդագրութեան, այս խախտումները ունին առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, եթէ նախապէս Ատրպէյճան, ըստ էութեան, դէպի օդ կը կրակէր, ապա ներկայիս աւելի յաճախակի դարձած են Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերու եւ սահմանամերձ խաղաղ բնակավայրերու վրայ արձակուած կրակոցները։

«Համոզուած ըլլալով, թէ նշեալ խախտումները նպատակ ունին խուճապային տրամադրութիւններ յառաջացնել Արցախի ժողովուրդին մօտ, ինչպէս նաեւ ստուերել Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան իրականացումը՝ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ՚ուղղէ Ատրպէյճանին, որպէսզի զերծ մնայ նման սադրիչ գործողութիւններէ եւ հաւատարիմ մնայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը արձագանգեց վերջին բախումներուն։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ կրակ բացուած է Ստեփանակերտի վրայ, ուր բնակելի տան մը տանիքը վնասուած է։ Շոշ եւ Մխիթարաշէն բնակավայրերն ալ յարձակման ենթարկուած են։ Հայկական ինքնաշարժներու վրայ յարձակումներ, դաշտի մէջ աշխատող գիւղացիներու վրայ կրակներ… Ըստ նախարարութեան, Ատրպէյճանի սադրիչ եւ ակրեսիւ գործողութիւններու նպատակն է վախի եւ անպաշտպանութեան մթնոլորտ ձեւաւորել ժողովուրդին մօտ եւ խափանարարել Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութիւնը։ «Արցախցիները ահաբեկելու որեւէ փորձ դատապարտուած է ձախողման ու որեւէ ձեւով չի կրնար սասանել սեփական հողի վրայ ազատ ապրելու մեր հաստատակամութիւնը», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Սիւնիքի մարզէն ալ լուրեր հասած էին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքին վրայ բացուած կրակի մասին։ Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեան տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ կրակ բացուած է։ Ըստ իրեն, Դիցմայր գիւղի եւ Փայլասարի կողմերուն տեղի ունեցած է փոխադարձ հրաձգութիւն։ Ըստ քաղաքապետին, վերջին օրերուն յաճախ տեղի կ՚ունենան կրակոցներ, սակայն երէկուանը տեւած է աւելի երկար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021