ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ

«Գեղանկարչութիւնը բեմի վրայ» ցուցահանդէսին ներկայացուեցան ռուս անուանի հեղինակներու թատերական էսքիզները։ Այսպէս, «Գեղանկարչութիւնը բեմի վրայ» ցուցահանդէսին ընդգրկուած է 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի յայտնի ռուս նկարիչներու տասներեք թատերական էսքիզ՝ գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆ. Արամ Աբրահամեանի հաւաքածոյէն:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ապրիլի 16-ին, Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ:

Այս առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկան թանգարանի տնօրէն Մարինէ Մկրտչեան։ Ան շեշտեց, որ ցուցահանդէսը իւրայատուկ է, քանի որ թանգարանը իր առջեւ խնդիր դրած է համագործակցիլ թէ՛ ռուսական, թէ՛ այլ լաւագոյն թանգարաններու հետ եւ «Գեղանկարչութիւնը բեմին վրայ» ցուցադրութիւնը անոր լաւագոյն ապացոյցն է: «2021 թուականը կարեւոր եւ յոբելենական է ինծի համար, քանի որ կը լրանայ իմ՝ տնօրէնի պարտաւորութիւնները իրականացնելու 5-րդ տարին: Երբ կը թերթեմ այն ռազմավարական ծրագիրը, որ գրած էի թանգարանի համար, կը տեսնեմ, որ այն 80 տոկոսով կեանքի կոչուած է։ Նշանակալի է թանգարանի ցուցահանդէսային գործունէութիւնը», ըսաւ ան:

Մկրտչեանի խօսքով՝ վերջապէս թանգարանը կրնայ միջազգային ցուցահանդէսային պահանջներուն համապատասխան նոր միջավայր ձեւաւորել, նոր ըսելիքով, նոր լուծումներով ներկայանալ:

Տնօրէնը տեղեկացուց, որ ցուցահանդէսը ձեւաւորած է «Նիքոլայ Նիկողոսեան» մշակութային հիմնադրամի տնօրէն Սարգիս Յովհաննիսեան:

Իր կարգին, Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ մեր օրերուն թանգարաններու լրջագոյն խնդիրներէն մէկը այն է, որ շատ ցուցանմոյշներ երկար տարիներ կը մնան պահոցներու մէջ եւ քիչ կը ցուցադրուին: Ան նշեց, որ այդպէս ներկայացուած են նաեւ աշխատանքները, որոնք պէտք է ո՛չ միայն դիտարկել որպէս բեմանկարչական էսքիզներ, այլեւ՝ արուեստի աւարտուն գործեր:

Ապա արտայայտուեցաւ ցուցահանդէսի համադրող Աննա Միքայէլեան։ Ան շեշտեց, որ 20-րդ դարուն թատրոններ եկած են այնպիսի յառաջադէմ բեմադրիչներ, որոնք հասկցած են բեմանկարչութեան կարեւորութիւնը եւ թատրոններ հրաւիրած են լաւագոյն նկարիչները: Համադրողի խօսքով՝ այդ ժամանակ ձեւաւորուած է թատերական նկարիչի բոլորովին նոր տեսակը, որ ունէր չորս կարեւոր որակ՝ գեղանկարչի տաղանդ, արհեստականութիւն, բարձր մտաւորական եւ մտաւորականութիւն:

«Գեղանկարչութիւնը բեմին վրայ» ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած են նկարիչներ՝ Ա. Պենուայի, Ն. Պենուայի, Ա. Կոլովինի, Ն. Ռերիխի, Ս. Սուտէյքինի, Ն. Սափունովի, Վ. Շուխաեւի, Վ. Շուխաեւայի աշխատանքները: Վերջիններս, ըլլալով կրաֆիքի, բնանկարի, դիմանկարի եւ նաթիւրմորթի վարպետներ, նաեւ թատրոնի տաղանդաւոր նկարիչներ էին, որոնք նոր մակարդակի բարձրացուցին թատերական եւ բեմայարդարման արուեստը:

Ցուցադրութեան գիտատեղեկատու հանդերձանքին մէջ լայնօրէն օգտագործուած են գրական նիւթեր՝ գեղանկարիչներու ինքնակենսագրական գրառումներէն եւ օրագրերէն, իսկ «Ա. Պախրուշին» պետական կեդրոնական թատերական թանգարանի տրամադրած փաստավաւերագրական նիւթերը առաւել խոր կը բացայայտեն վերը նշուած դարաշրջանի թատերարուեստը:

Ցուցահանդէսը իրականացուց Ռուսական արուեստի թանգարանը (փրոֆ. Ա. Աբրահամեանի հաւաքածոյ)՝ «Ա. Պախրուշին» պետական կեդրոնական թատերական թանգարանի հետ համագործակցելով:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021